2013-03-05 14:52:28

ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՈՒ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏՈԻԹԻԻՆԸ ԵՒ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԸ


Հինէն ի վեր, մարդկային պատմութեան ամէն դարաշրջանին, Եկեղեցին գտնուած է մեծ մարտահրաւէրներու աոջեւ, մատչելի դարձնելու համար Աւետարանի վարդապետութիւնը ընկերային կեանքին : Տարիներու ընթացքին այս ընթացքը աստիճանաբար մշակուեցաւ, եւ նոր միտք մը երեւան եկաւ որ կոչուեցաւ ,Եկեղեցւոյ ընկերայ ին վարդապետութիւնե : Ան հանդէս եկաւ որպէս իմաստութիւն, որ կ’այժմէացնէ Աւետարանը եւ սկզբունքներ կու տայ այսօրուայ աշխարհի հաւատացեալին :
Շատեր, յաճախ հարց կու տան թէ ինչո՞ւ համար Եկեղեցին կը զբաղի տնտեսական, ընկերաբանական կամ քաղաքական հարցերով : Եթէ Եկեղեցին կը խօսի այս հարցերուն մասին, պատճառը այն է որ քրիստոնեաները ներկայ են այս գրաւականներուն մէջ : Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութիւնը անջատուած է կեանքէն որուն մէջ քրիստոնեան ներդրում գործած է: Ան տնտեսական, ընկերաբանական կամ քաղաքական գործողութիւներու ծրագիր մը չէ. ,Եկեղեցին ձեւէր չառաջարկեր, կ՚ըսէ Յովհաննէս Պօղոս Բ., Չենդէզիմոյ Աննոյ (100-րդ տարին) շրջաբերական Թուղթին մէջ : Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութիւնը, կը շարունակէ քահանայապետը, ընկերաբանական բարոյագիտութիւն է. իր ընկերային ուսուցման մէջ, Կաթողիկէ Եկեղեցին, գործելու համար կ’աոաջարկէ հիմնական ուղեգիծեր, եւ հիմնական ուղեգիծը հետեւեալն է. ,մարդկային արժանապատուութիւնըե : Այլ խօսքով՝ ընկերատնտեսական կեանքին մէջ, հարկ է պատուել եւ բարձրացնել մարդուն արժանապատուութիւնը, անոր ամբողջական կոչումը, ինչպէս նաեւ ամբողջ հասարակութեան բարիքը, քանի մարդն է հեղինակը, կեդրոնը եւ նպատակը ընկերատնտեսական ամբողջ կեանքին : Իւրաքանչիւր մարդ, ըլլայ ան պարզ քաղաքացի, գործաւոր, գործատէր, կամ տնտեսագէտ, պարտի որպէս քրիստոնեայ իր պարտականութիւնները կատարել հանդէպ իր մերձաւորին, քանի ամէն մէկը՝ միւսին պատասխանատու է :
Հետեւաբար, Եկեղեցին իր ընկերային վարդապետութեան ուսուցումով կը փորձէ ճանչցնել հաւատացեալներուն ոչ միայն ինչ որ բարի է եւ ճշգրիտ, այլ նաեւ զանոնք կը դաստիարակէ բարեգութ ըլլալու մերձաւորին հանդէպ : Ալ աւելի, Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան ուսուցումը եւ յատկապէս Սրբազան Քահանայապետներու ձայնը, կոչ մըն է ուղղուած՝ քաղաքական եւ տնտեսական մեծ հաստատութիւններուն, անոնց աւելի արդար մարդկային ընթացք ներշնջելու մարդկութեան հանդէպ :
Եթէ ակնարկ մը նետենք տնտեսական տագնապին վրայ, կրնանք ըսել որ այս տագնապը, մեզ կը հրաւիրէ քննելու մեր կենցաղը, մեր յարաբերութիւնը դրամին հետ, եւ մեր որդեգրած միջոցները հարստութիւն դիզելու : Այս չի նշանակեր բացարձակապէս, որ Եկեղեցին կ’ուզէ տնտեսական համակարգը փոխել, այլ զայն կատարելագործել՝ անոր բարոյական դիմագիծ տալով : Բենեդիկտոս ԺԶգ Քահանայապետը կ’ըսէ թէ Եկեղեցին պարտականիւթիւնը ունի ճանչնալու տնտեսական աշխարհի գաղափարախօսութիւնը, եւ հասկնալու անոր տրամաբանութիւնը, եւ զայն հաւատքով լուսաւորելու անձնասիրութենէ եւ սկզբնական մեղքէ : Եւ կ’աւելցնէ, որ անհրաժեշտ են տնտեսական լաւ համակարգեր, որոնք հետամուտ ըլլան արդարութեան եւ յատկապէս սիրոյ :
Այս բոլոր պահանջքները կը կազմեն ատաղձը Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան : Ան կ’ուզէ սորվեցնել թէ մարդ՝ ապրելու համար պէտք ունի հացի, այսինքն առողջ տնտեսութեան, սակայն միեւնոյն ատեն ալ որ մարդ միայն հացով չէ որ կ’ապրի : Ուստի քաղաքական իշխանութիւնը կենսական դեր ունի հետապնդելու ամբողջ հասարակութեան բարիքը, եւ հասնելու յատկապէս տառապող անձերուն, որոնք կարիքը ունին սիրոյ, ինչպէս կ’ըսէ Բենեդիկստս ԺԶգ Քահանայապետը Աստուած սէր է շրջաբերականին թուղթին մէջ : Ահա այս է Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութիւնը :
Հայր Գէորգ Վրդ. Ասատուրեան








All the contents on this site are copyrighted ©.