2013-03-04 13:50:47

Մոսկուայի Եւ Համայն Ռուսիոյ Պատրիարքը Երախտապարտ Է Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Դրական Դերին։


Անոր շնորհիւ բարի կապեր սեղծուած են կաթողիկէ եւ ռուս ուղղափառ եկեղեցիներու միջեւ։

Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ պատրիարք` Կիւրեղ Ա. շնորհակալութիւն յայտնած է Պենետիկտոս ԺԶ-ին բերած սատարին, կաթողիկէ եւ ռուս ուղղափառ եկեղեցիներու միջեւ ստեղծուած բարի կապերուն համար։
Ան 3 մարտին ուղղած իր պատգամին մէջ կը հաստատէ որ Պենետիկտոս ԺԶ-ի Քահանայապետութեան տարիներուն դրական կապեր հաստատուեցան երկու եկեղեցիներու միջեւ, շնորհիւ անոր աննկուն ուսուցումին ու հաւատքին։ Կ'ապրինք ժամանակշրջանի մը մէջ յատկանշուած ''բարոյական յարաբերականութեամբ'' գերմանացի Քահանայապետը արիաբար բարձրացուց իր ձայնը պաշտպանելու` Աւետարանի պատգամը։








All the contents on this site are copyrighted ©.