2013-03-04 13:39:56

Կարտինալական Համաժողովները


Սուրբ Աթոռի Թափուրութեան շրջանին, կը գումարուի Կարտինալական Ժողովը։
Նշենք որ (բոլոր Կարտինալները պէտք է Քահանայապետի մահուան լուրը հազիւ առած՝ Հռոմ գան, բացառութեամբ առողջական խոչընդոտներու պարագային).
Կարտինալական Ժողովը կը գումարուի Կարտինալական երկու տեսակ Համաժողովներու մէջ.
Մէկը Ընդհանուր, այսինքն Կարտինալական Ժողովը իր բոլոր անդամներով՝ մինչեւ ընտրութիւններու սկիզբը (այսինքն՝ մինչեւ Քոնքլաւի սկիզբը), որուն կը մասնակցին նաեւ տարիքային սահմանագիծը անցած ըլլալու պատճառով ընտրութիւններուն չմասնակցող Կարտինալները; Ընդհանուր Համաժողովները տեղի կ'ունենան Վատիկանի Առաքելական Պալատի մէջ եւ կը նախագահուին Կարտինալական Ժողովի Տեկանի կողմէ (Տեկանի կամ Փոխ-Տեկանի նախագահութեան անկարելիութեան պարագային, Համաժողովը կը նախագահէ ամենատարեց Կարտինալը)։
Իսկ միւսը՝ Մասնաւոր Համաժողով, կազմուած՝ Հռոմէական Սուրբ Եկեղեցւոյ Քամերլենկօ Կարտինալէն եւ երեք Կարտինալներէն՝ (այս երեքէն իւրաքանչիւրը կը պատկանի կարտինալական երեք դասերուն եւ կ՝ընտրուին վիճակահանութեամբ ) նշենք որ ՝ (Կարտինալական Ժողովը ենթաբաժնուած է երեք դասերու կամ Միաբանութիւններու. Եպիսկոպոսական, Երիցական եւ Սարկաւագական). ու այս երեքը կ'ընտրուին ընտրող Կարտինալներու մէջ ։ Այս երեք Կարտինալներու պաշտօնը, որոնք կը կոչուին առընթերականեր, կը տեւէ երեք օր եւ անոնց փոխարինելու կու գան ուրիշ երեք Կարտինալներ, միշտ վիճակահանութեամբ ընտրուած; այս մարմինը իր պաշտօնէութիւնը կը կատարէ նաեւ ընտրութիւններու ամբողջ ընթացքին։ Մասնաւոր Համաժողովին վստահուած է ամէնօրեայ գործերու տնօրինումը, մինչ առաւել ծանր հարցերը պէտք է ներկայացուին Ընդհանուր Համաժողովի վճիռին։
Թէ որո՞նք են ամենաշտապ որոշումները (Առաքելական Սահմանադրութեամբ նախատեսուած), որոնց վրայ կը տարածուի Ընդհանուր Համաժողովի իրաւասութիւնը.
Նախապատրաստական Ընդհանուր Համաժողովներու կողմէ անմիջապէս առնուելիք գլխաւոր որոշումներն են.
1-սահմանել օրը եւ պարագաները, որոնց համաձայն հանգուցեալ Քահանայապետի աճիւնը պիտի փոխադրուի Վատիկանի Տաճար՝ ներկայացուելու համար հաւատացեալներու մեծարանքին.
2-տնօրինել անհրաժեշտ ամէն բան Յուղարկաւորութեան (կամ Իննօրեաներու) համար, որ պէտք է ծիսակատարուին յաջորդական ինը օր շարունակ, անոնց առաջինը օրը սահմանելով, այնպէս՝ որ թաղումը տեղի ունենայ մահէն ետք չորրորդ կամ վեցերորդ օրը.
3-նախապատրաստել տալ «Domus Sanctae Marthae» հիւրանոցի սենեակները՝ Կարտինալներու բնակութեան համար, եւ Սիքստեան Մատուռը՝ ընտրութիւններուն վերաբերող գործերու համար.
4-յանձնարարել «օրինակելի վարդապետութեան, խոհականութեան եւ բարոյական հեղինակութեան տէր երկու եկեղեցականներուն որ պատրաստեն եւ Կարտինալներու առջեւ ընթերցեն Եկեղեցւոյ ներկայ պահու դժուարութիւններու եւ նոր Քահանայապետի լուսաւորեալ ընտրութեան մասին կշռադատուած երկու խորհրդածութիւններ» (նախաբան 13) եւ սահմանեն անոնց ընթերցման օրը.
5-ջնջել Ձկնորսի Մատանին եւ կապարէ Կնիքը, որով կ'առաքուէին Առաքելական Նամակները.
6-Սահմանել ընտրական գործընթացի սկզբնաւորման օրը եւ ժամը։








All the contents on this site are copyrighted ©.