2013-03-04 13:56:04

Լուտերականները Կ'ողջունեն Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Քաջութիւնը Հրաժարելու ս. Պետրոսի Աթոռէն։


Աշխարհի զանազան վայրերէն հասած հազարաւոր պատգամներու շարքին, լուտերական համաշխարհային դաշնակցութիւնը յայտնած է իր երախտագիտութիւնը Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի անձին` որ մեծ յանձնառումով յառաջ տարաւ համամիութենական երկխօսութիւնը։
Լուտերական համաշխարհային դաշնակցութեան նախագահն ու ընդհանուր քարտուղարը իրենց պատգամին մէջ կ՛ակնարկեն Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին հետ իրենց հանդիպումին Վատիկանի մէջ որուն ընթացքին իրենց յիշեցուցած էր քրիստոնեաներու կոչումը խորհրդածելու եւ աշխատելու կատարեալ միութեան ի խնդիր։
Շնորհիւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին, կաթողիկէ եկեղեցին զարգացուց խորհրդածութիւնը նոր աւետարնութեան ի խնդիր եւ խթանեց բոլոր քոյր եկեղեցիները աշխատելու այդ ուղղութեամբ։ Լուտերական համաշխարհային դաշնակցութիւնը կ'ողջունէ ս. Պետրոսւի Աթոռէն հրաժարելու Պենետիկտոս ԺԶ ընտրութիւնը որակելով զայն որպէս ''իմաստուն եւ յանդուգն'' որոշում մը Անոր բխած սէրէն հանդէպ` Քրիստոսի եկեղեցւոյ։








All the contents on this site are copyrighted ©.