2013-03-04 13:40:53

Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Շնորհաւորական Գիրերը


Եւթովպիայի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Մատաթիա Ա. Պատրիարքին Եւ Պուլկարիոյ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Նեոֆիտ Պատրիարքին.
Անոնց ընտրութեան առիթով։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մատաթիա Ա.ին ուղղած շնորհաւորական գիրին մէջ, կը մաղթէ որ Եւթովպիայի քոյր Եկեղեցին շարունակէ առաջընթաց արձանագրել իր Տիրաւանդ առաքելութեան մէջ, եւ շարունակուի նաեւ՝ երկու Եկեղեցիներու պատմական բարեկամութիւնը ի խնդիր միջեկեղեցական եւ միջկրօնական երկխօսութեան ու աշխարհի խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման։ Իսկ՝ Պուլկարիոյ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ նորընտիր Պատրիարք՝ Նեոֆիտին շնորհաւորական ուղերձին մէջ, Վեհափառը գոհունակութեամբ անդրադառնալէ ետք Պուլկարիոյ ծաղկուն հայ համայնքին՝ իբրեւ վկայութիւն երկու եկեղեցիներու պատմական կապերու ու համագործակցութեան, վստահութիւն կը յայտնէ որ Նեոֆիտ Պատրիարքի գահակալութեան շրջանին երկու Եկեղեցիներու միջեւ առկայ եղբայրական եւ բարեկամական յարաբերութիւնները առաւել եւս շարունակեն ծաղկիլ եւ արդիւնաւորուիլ։









All the contents on this site are copyrighted ©.