2013-03-02 10:04:04

Ռայի Պատրիարքը Հանդիպում Մը Ունեցաւ Տումայի Նախագահին Հետ


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ հանդիպում մը ունեցաւ ռուսական Տումայի նախագահ Սերգէյ Նարիշքինի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Նարիշքին հաստատեց, որ Մոսկուա ամէն ջանք ի գործ կը դնէ շրջանին մէջ ապահովական կայունութիւն հաստատելու, ինչպէս նաեւ սուրիական շրջանակներուն միջեւ երկխօսութիւն յառաջացնելու իմաստով: Ան շեշտեց, որ Սուրիոյ տագնապը կարելի է լուծել միայն երկխօսութեան ճամբով:
Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը զգուշացուց, որ սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը չնմանի պաղեստինցի գաղթականներուն թղթածրարին:
Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ միջազգային ընտանիքէն կը պահանջուի զօրակցիլ Լիբանանին` աւելցնելով, որ ծայրայեղութիւնը քաջալերող պետութիւնները պէտք է վերջ տան իրենց օժանդակութիւններուն, որովհետեւ անոնք շրջանին եւ Լիբանանի վրայ վատ ազդեցութիւն կ՛ունենան:
Միւս կողմէ, ռուսական պետական պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներուն գոյութիւնը վտանգի ենթարկուած է` աւելցնելով, որ պատերազմը կը սպառնայ բոլորին:
Ռայի պատրիարքը ընդգծեց կայունութեան եւ խաղաղութեան կարեւորութիւնը բոլորին համար:
Ան շեշտեց, որ ընդունելի է, եթէ խորհրդարանին նստաշրջանը թեքնիք երկարաձգումի ենթարկուի` ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու պարագային:
ՆՇԵՆՔ, որ երէկ երեկոյեան Ռայի պատրիարքը վերադարձաւ Լիբանան: Պէյրութի միջազգային օդակայանէն կատարած յայտարարութեան մէջ Ռայի պատրիարքը ըսաւ. «Ամօթ պատասխանատուներուն եւ բոլորիս, որ հինգ տարի ետք չենք կրցած ընտրական նոր օրէնք մը մշակել, որովհետեւ այդպիսով մենք փաստած ենք, թէ ո՛չ մենք զմեզ եւ ո՛չ ալ ժողովուրդը կը յարգենք»:








All the contents on this site are copyrighted ©.