2013-03-02 10:03:57

Մահմետական շիիթ ծայրայեղ խումբ մը կը սպառնայ իսլամ սիւննիներու ու քրիստոնեաներուն` Իրաքը կը վախնայ միջկրօնական զինեալ ընդհարումի ալիք։


Պաղտատի մէկ թաղամասի սիւննիները սպառնալիք ստացած են կոչուած ''Մուխթար բանակ''ի կողմէ։ Մահմետական շիիթ մարտնչող այս խումբը, ունի որպէս կէտնպատակ հրահրել միջկրօնական լարուածութիւնը Իրաքի մէջ։
''Մուխթար բանակը'' ներկայիս կը հարստահարէ Պաղտատի սիւննիները անոնց հետեւեալ սպառնալիքը ուղղելով. ''ձեր հոգեվարքը սկիզբ առաւ''։ Ծայրայեղները մտադիր են նախ հարուածել սիւննիները ապա կրօնական այլ փոքրամասնութիւնները։ Դիտողներու գնահատումով քրիստոնեաները իրենց կարգին թիրախ են ահաբեկիչներուն, որոնք կը նկատեն երկրի կրօնական փոքրամասնութիւնները որպէս անբաղձալի հիւրեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.