2013-03-02 13:31:44

՜՜Հրանդ Տինք՝՝ի Անուան Միջդպրոցական Շարադրութեան Մրցումի Մրցանակաբաշխութիւն.


Ներկայութեամբ՝ ՜՜ԱԿՕՍԻ՝՝ հայերէն բաժնի խմբագիր՝ պրն. Սարգիս Սերոբեանի։
Կազմակերպութեամբ՝ Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտական խորհուրդի տեղեկատուական-ուսումնասիրական աշակերտական խմբակին, Ուրբաթ, 1 Մարտի՝ երեկոյեան, Մեսրոպեան վարժարանի «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ տեղի ունեցաւ միջդպրոցական «Հրանդ Տինք» շարադրութեան գ. մրցանքի մրցանակաբաշխութեան արարողութիւնը, ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան ներկայացուցիչ Վարդան Ադամեանի, «Ակօս»ի հայերէն բաժինի խմբագիր պրն. Սարգիս Սերոբեանի, մրցումի դատական կազմի անդամներուն, լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններու, կրթական պատասխանատուներու, մամլոյ ներկայացուցիչներու, ուսուցիչներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:
Ռիթա Ումուտեանի բացման խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ ՜՜Տինքի վկայութիւներու՝՝ տեսերիզի ցուցադրութենը ապա խօսք առաւ դատական կազմի անդամ պրն. Ժիրայր Դանիէլեան, որ մեծապէս գնահատեց շարադրութեան մասնակից աշակերտներու ազգային շունչն ու ոգին ու յատկապէս յայտնեց որ հայազգի լրագրոը՝ Հրանդ Տինք իր կենդանութեամբ վտանգ էր, իսկ իր մահով դարձաւ առաւել եւս մեծ վտանգ մը:
Ապա Մեսրոպեանի Նուագախումբը նուագեց «Զարթիր որդեակ»ը եւ «Ղարաբաղ»ը, որմէ ետք իր պատգամը փոխանցեց Մեսրոպեան վարժարանի կողմէ Լիբանան հրաւիրուած «Ակօս» թերթի հայերէն բաժինի խմբագիրը՝ պրն. Սարգիս Սերոբեան, որ ըսաւ թէ՝ շարադրութեան ա. եւ բ. մրցումներուն գրութիւնները հրատարակուած են «Ակօս»ին մէջ, հակառակ անոր, որ որոշում առնուած էր թերթին մէջ չհրատարակել աշակերտական գրութիւններ: Պրն. Սերոբեան աւելցուց, որ այս փոփոխութիւնը կատարուեցաւ, քանի որ շարադրութիւններուն բովանդակութիւնը արժէքաւոր էր եւ քննարկումները` հետաքրքրական եւ ոգեւորիչ: Պրն. Սարգիս Սերոբեան յայտնեց, որ մրցումին ընդմէջէն Տինքին յիշատակին հանդիսութիւն կազմակերպելը պատուաբեր է: Ան նշեց, որ Պոլիսի մէջ Մեսրոպեան վարժարանի ծաւալուն եւ բազմաճիւղ գործունէութիւններուն կը հետեւէր ու իր այս այցելութիւնը եկաւ ապացուցելու, որ այդ անդրադարձները յստակ իրողութիւն են եւ շօշափելի:
Գեղարուեստական յայտագրին մաս կը կազմէր նաեւ Սթեֆանի Պալթայեանի կատարողութեամբ «Խօսք իմ որդուն» բանաստեղծութեան արտասանութիւնը։
Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն՝ պրն. Կրէկուար Գալուստի հուսկ բանքէն ետք՝ տեղի ունեցաւ «Հրանդ Տինք» շարադրութեան գ. մրցումի մրցանակաբաշխութիւնը: Առաջին հանդիսացաւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Ագնէս վարժարանէն Նարինէ Մարգարեանը, իսկ երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը հերթաբար գրաւեցին Հայ Աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանէն Աննա-Մարիա Գապաքեանը եւ Սէրլի Տէրտէրեանը: Մրցանակակիրները ստացան նիւթական պարգեւներ, գիրքերու հաւաքածոներ եւ պրն. Սարգիս Սերոբեանին կողմէ նուիրուած յիշատակի նուէրներ: Յայտնենք, որ առաջին հանդիսացող վարժարանը նաեւ ստացաւ մրցումին նշանակը:









All the contents on this site are copyrighted ©.