2013-03-01 09:11:51

Ռայի Պատրիարքը Հանդիպում Մը Ունեցաւ Ռուսիոյ Քիրիլ Պատրիարքին Հետ


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որ պաշտօնական այցելութեամբ մը ուղղուած էր Ռուսիա, երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ Ուղղափառ եկեղեցւոյ Քիրիլ պատրիարքին հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկու եկեղեցիներուն միջեւ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ միացեալ հարցերն ու Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրները:
«Մենք կը փափաքինք Ռուսիոյ մէջ եկեղեցական մեր ներկայութիւնը աշխուժացնել եւ նպաստել Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հաստատումին», հաստատեց Ռայի պատրիարքը:
Ռայի պատրիարքը այցելեց նաեւ Մոսկուայի մէջ լիբանանեան դեսպանատունը, ուր ընդգծեց Լիբանանի կողմէ չէզոք կեցուածքը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:
Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը այսօր պիտի վերադառնայ Լիբանան, որպէսզի յառաջիկայ երկուշաբթի օր նախագահէ Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին` նկատի ունենալով, որ ան յառաջիկայ չորեքշաբթի օր պիտի մեկնի Իրաք:
Միւս կողմէ, ռուսական աղբիւրներու համաձայն, Ռայի պատրիարքը
կարողութիւն ունի Լիբանանը հեռու պահելու շրջանային տագնապին հետեւանքներէն: Նոյն աղբիւրները Ռայի պատրիարքին այցելութիւնը պատմական նկատեցին:








All the contents on this site are copyrighted ©.