2013-03-01 11:39:19

Հաւատքը ու վկայութիւնը


Պենեդիկտոս ԺԶ-րդ վաստակաւոր Սրբ. Քահանայապետը «Հաւատքի դուռը» շրջաբերականին մէջ կ՛ըսէ. «Պարտինք վերագտնել մեր ճաշակը, որպէսզի սնանինք Աստուծոյ Խօսքով, զոր եկեղեցին հաւատարմօրէն կը փոխանցէ Կեանքի հացով: Երկուքն ալ թիկունք են բոլոր աշակերտներէն»: Ան կը խօսի երկու սեղաններուն մասին՝ Խօսքի սեղանը եւ Ս. Հաղորդութեան սեղանը, որ «գագաթնակէտն է, որուն շուրջ կը դառնայ Եկեղեցւոյ աշխատանքը, ու միեւնոյն ատեն աղբիւրը, որմէ Եկեղեցին կը ստանայ իր ոյժը»: Այս երկու սեղանները հաստատուն հիմերն են ծիսակատարութեան ապրումին համար:
Քահանան ծառան է այս երկու սեղաններուն: Ինչպէս որ ան կը ծառայէ խորանի սեղանին մատուցանելու համար Զոհը, որ իրականացաւ Խաչին վրայ եւ որուն մասնակից կը դարձնէ ժողովուրդը, նոյնպէս ալ պարտի ծառայել Խօսքի սեղանին, զայն ընթերնուլ ու մեկնաբանել ժողովուրդին՝ այն ինչ որ կը վերաբերի Քրիստոսին, մեկնելով Հին Կտակարանէն հասնելու համար Նոր Կտակարանին, ճիշդ այնպէս ինչպէս պատահեցաւ Էմմաոսի երկու աշակերտներուն, մինչ Երուսաղէմէն փախուստի ճամբուն վրայ էին (Ղուկ. 24, 13-35):
Այս է նուիրեալ հոգիին դերը Աստուծոյ հաւատացեալներուն հանդէպ: Անոր հասնիլ քարոզութեամբ, ապրումով ու վկայելով Աստուծոյ Խօսքին, ողողելով անոնց սիրտը ուրախութեամբ ու եռանդով, որպէսզի հաւատան Յիսուսին, որ է Յարութիւն եւ Կեանք, եւ իրականացնեն անձնական հանդիպումը իրենց ու Անոր միջեւ, ինչպէս կ՛ըսէ Բենեդիկտոս վաստակաւոր Սրբ. Քահանայապետը իր առաքելական «Աստուծոյ Խօսքը» յորդորին մէջ:
Այս մէկնակէտը ունենալով՝ «Հաւատքի Տարին» հրաւէր կը դառնայ հարազատ ու անկաշկանդ դարձի մը դէպի Աստուած, աշխարհի միակ Փրկչին: Անոր մահուան ու յարութեան խորհուրդին մէջ, Աստուած յայտնեց իր անհուն Սէրը, որ կը փրկէ ու մարդիկը կը կոչէ դարձի ու մեղքերու թողութեան: Այս սէրը կը մտցնէ մարդը նոր կեանքի մէջ: Յիսուսի Քրիստոսի Սէրն է, որ կ՛ողողէ մեր սրտերը, կը մղէ աւետարանացումի ու մեղ կը ղրկէ ճամբաներուն վրայ հռչակելու Ս. Աւետարանը: Հաւատքը կ՛աճի երբ ապրուի որպէս սիրոյ փորձառութիւն, զոր մարդը կը ստանայ:
Սրբազան Քահանայապետին «Հաւատքի դուռը» շրջաբերականը կը փոխանցէ մեզի թէ բաւարար չէ գիտնալ Հաւատքի նիւթերը: Հարկը սիրտը բացուի Շնորհքին, որ մարդուն կը թոյլատրէ նայիլ ու խորանալ՝ հասկնալու համար թէ ինչ որ հռչակուեցաւ՝ Աստուծոյ Խօսքն է: Փրկութեան պատմութիւնը մեզի կը յայտնէ սերտ կապը, զոր կայ Աստուծոյ Խօսքին եւ հաւատքին միջեւ, որ կ՛ամբողջանայ Յիսուս Քրոստոսի հանդիպումով: Անոր հետ հաւատքը կը դառնայ հանդիպում մը անձի մը, որուն կը վստահինք մեր անձնական կեանքը: հաւատքը ինքն է որ կը սորվեցնէ ինչպէս կարդալ Սուրբ Գիրքը, որպէս Հոգիին ներգործումին, որով կարող կը դառնանք լսելու Աստուծոյ ձայնը ու ճանչնալու անոր ներկայութիւնը պատմութեան մէջ: Ս. Օգոստինոս կ՛ըսէ. « Աղօթքդ խօսքերդ են, զորս կ՛ուղղես Աստուծոյ: Երբ կը կարդաս, Աստուած ինքը քեզի կը խօսի, երբ աղօթես, դուն կը խօսին Աստուծոյ հետ»: Անոր հետ այս երկխօսութեան ընթացքին կը հասկնանք մենք զմեզ ու կը գտնենք պատասխանը մեր հիմնական հարցումներուն, որոնք կը գտնուին մեր սրտին ու մտքին մէջ, որովհետեւ Աստուծոյ Խօսքը չի հակասեր մարդուն, ոչ ալ կը խեղդէ անոր իղձերը, այլ ընդ հակառակը՝ զանոնք կը լուսաւորէ, կը մաքրէ ու կ՛առաջնորդէ իրենց լրումին:








All the contents on this site are copyrighted ©.