2013-03-01 10:29:20

Ինտոնեզիային Մէջ Իսլամ-Քրիստոնեայ Կարեւոր Հանդիպում ։


Ասիական 16 երկիրներու աւելի քան հարիւր իսլամ-քրիստոնեայ պատասխանատուներ ներկայիս խորհրդաժողով կը գումարեն Ինտոնեզիայի Ճակարդա մայրաքաղաքը։
Հանդիպումին նպատկան է առաչարկներ ներկայացնել լուծում գտնելու կրօնական բռնութիւններու։ Այս չորրորդ անգամն է որ նման հաւաք մը կը կատարուի յետ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի 2006-ին Ռադիսպոնայի մէջ կատարած դասախօսութեան ''իսլամութիւնը եւ բռնութիւնը'' նիւթին մասին։
Ճակարդայի համագումարին կէտնապատակն է. կրօներու սատարը լուծելու ցեղային, համանքային ու կրօնական ընդհարումներու։ Դիտողներու գնահատումով նման համագումար մը դժուար է որ դրական առաչարկներու յանգելու քանի մահմետականներու համար կարելի չէ ընդունիլ կրօնական ազատութեան սկզբունքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.