2013-03-01 08:20:15

ԹԱՓՈՒՐ ԱԹՈՌ


«Թափուր աթոռ» արտայայտութիւնը կը մատնանշէ այն ժամանակահատուածը որ կ'իյնայ Եկեղեցւոյ ղեկավարութիւնը Քահանայապետի մը կողմէ դադարելէ եւ անոր յաջորդի ընտրութեան միջեւ։ Այդ ժամանակահատուածը կանոնակարգուած է «Universi Dominici Gregis» Առաքելական Սահմանադրութեամբ, վաւերացուած՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի կողմէ 22 Փետրուար 1996ին։
Այդ կանոններու ոյժով, «Առաքելական Աթոռի թափուրութեան ընթացքին», Եկեղեցւոյ ղեկավարութիւնը վստահուած է Կարտինալական Ժողովին, բայց միմիայն սովորական եւ անյետաձգելի գործերի կատարման համար, ինչպէս նաեւ նախապատրաստելու համար ամէն բան՝ որ անհրաժեշտ է նոր Քահանայապետի ընտրութեան համար; Կարտինալական Ժողովին կը պատկանի նաեւ Գերագոյն Քահանայապետի քաղաքական իշխանութիւնը, որ կը վերաբերի Վատիկանի Քաղաքի Կաղավարութեանը։ Կարտինալական Ժողովի իրաւասութենէն բացառուած են բոլոր հարցերը՝ որոնք կենդանութեան օրով կը պատկանին Գերագոյն Քահանայապետի իշխանութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.