2013-02-28 15:38:39

Պենետիկտոս ԺԶ ''Յարգանք եւ Հնազանդութիւն'' Կը Խոստանայ Իր Յաջորդին։


Պենետիկտոս ԺԶ քահանայպետը, 28 Փետրուար 2013-ին, իր քահանայապետութեան վերջին օրը, ՜՜Յարգանք եւ Հնազանդութիւն՝՝ խոստացաւ իր յաջորդին հանդէպ։ Ողջերթի համար Վատիկան համախմբուած կարտինալներուն ուղղած իր խօսքին մէջ, Պենետիկտոս ԺԶ հրաւիրեց Կարտինալական դասը որ լաւապէս անսան եւ ընդունին Ս. Հոգւոյն ներգործութիւնը, յառաջիկայ ընտրական ժողովին ընթացքին։
Ի Պատասխան Կարտինալական դասի գահերեցին ուղղած ողջոյնի խօսքին, Պենետիկտոս ԺԶ կարտինալները վստահեցուց թէ իր աղօթքով մօտիկ պիտի մնայ անոնց, յատկաղէս գալիք օրերուն։ Մաղթեց որ հաղորդութիւնը կարտինալներու միջեւ ըլլայ նման ՜՜նուագախումբի՝՝ որուն զանազան գործիքները ներդաշնակ կը մնան՝՝ գերագոյն իրողութեան ի խնդիր։








All the contents on this site are copyrighted ©.