2013-02-28 12:36:23

Պենետիկտոս ԺԶ.-ի Քահանայապետութեան Վերջին Օրը։


Հինգշաբթի 28 փետրուար 2013-ը պատմութեան էջերուն մէջ կ՛արձանագրուի որպէս Եկեղեցւոյ ժամանակակից պատմութեան կարեւոր էջերէն մին: Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը որ 2005-ի 19 ապրիլին Սուրբ Պետրոսի յաջորդ ընտրուած էր, կը հրաժարի իր գահէն ու կը շարունակէ իր սատարը տալ եկեղեցւոյ` աղօթքի եւ խորհրդածութեան կեանքով։

Անցեալ 11 փետրուարին կարդինալական դասի հետ հանդիպումի մը ընթացքին, Պ16 յայտնած էր իր որոշումը` ''թողուլ Սուրբ Պետրոսի Աթոռը, տարիքի բերումով եւ ուժերու նուազումի հետեւանքով''։ Որոշում մը որ յանկարծակի բերաւ համայն աշխարհը ու ցնցեց հաւատացելներու սրտերը։Սակայն Սուրբ Պետրոսի յաջորդ` Պենետիկտոս ԺԶ-ը անգամ մը եւս, իր հայրական բարձր ու խոր իմաստութեամբ, կարողացաւ հանդարտեցնել խռոված մտքերը, բոլորին ապահովցնելով թէ Եկեղեցին կառավարողը նոյնիքն Քրիստոսն է, ու Ան երբեք պիտի չթողու զայն իր ճակատագրին։
11 փետրուարը յաջորդող` զանազան հրապարակային հանդիպումներուն ընթացքին արտասանած խօսքերուն մէջ, Պենետիկտոս ԺԶ հաւատացեալներէն խնդրեց որ աղօթեն իրեն, Եկեղեցւոյ ու Նոր քահանայապետին համար, մատնանշելով թէ քահանայապետութեան շրջանի աւարտին, ինք պիտի ապրի ծածուկ կեանք մը, հեռու աշխահէն, բայց մօտիկ բոլորին` աղօթքի միութեամբ։
7 տարի 10 ամիս եւ 9 օր տեւող քահանայապետութեան ընթացքին Պենետիկտս ԺԶ քաջութեամբ եւ իմաստութեամբ առաջնորդեց Եկեղեցին, հակառակ խոչընդոտներուն եւ դժուարութիւններուն որոնց հանդիպեցաւ ու իր հրաժարականի որոշումով` ցոյց տուաւ իր հոգիին հեզութիւնն ու վեհանձնութիւնը, ու նաեւ` հոգեւոր խոր համոզումը, թէ ինք պարզ գործիք մըն է Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ։
Ան որպէս եպիսկոպոսական նշանաբան ընտրած էր ''ճշմարտութեան աշխատակից'' կարգախօսը, որ զինք ուղղեց գիտակցելու թէ ժամանակը հնչեց հանգչելու եւ Ս. Պետրոսի նաւին ղեկը յանձնելու ուրիշին, մինչ ինք` կը քաշուի ու կը շարունակէ ծառայել եկեղեցւոյ, աղօթքի եւ ամփոփումի կեանքով։
Ես չեմ դառնար ''անհատական կեանքի'' -ըսաւ Ան չորեքշաբթի օրուայ վերջին հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին - չեմ թողուր խաչը - այլ տարբեր ձեւով կը մնամ խաչեալին մօտ։ Չ՜ունիմ այլեւս եկեղեցին կառավարելու իշխանութիւնը, բայց կը մնամ աղօթքի ծառայութեան մէջ։
Ան ապա աւելցուց ''Աստուած է որ կ՛առաջնորդէ իր Եկեղեցին ու թիկունք կը կանգնի անոր միշտ, մանաւանդ դժուար պահերուն։ ...Մեր սրտերուն մէջ թող միշտ ներկայ ըլլայ ուրախալի այն վստահութիւնը թէ՝ Տէրը մեզի մօտիկ է, մեզ չի լքեր, ու մեզ իր սիրով կը պարուրէ։
Իտալացի լրագրող Մարքօ Թոզաթթի, իր մէկ գրութեան մէջ, կը հաստատէ թէ 28 փետրուարին վերջ կը գտնէ ՅՊԲ-ի քահանայապետական ժամանակաշրջանը, ընգծելով թէ Պենետիկտոս ԺԶ-ը այդ քահանայապետութեան շարունակականութիւնը եղած է, եւ երկուքը միասին Եկեղեցին ղեկավարած են ու զայն առաջնորդած դէպի 3րդ հազարամեայի սեմին։
Յարգանք ու աղօթք հեզ ու վեհանձն քահանայապետին։
Բարի երթ Պենետիկտոս ԺԶ. Աղօթքի միութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.