2013-02-28 12:44:14

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը կ'ողջունէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի բերած նպաստը քրիստոնեաներու միութեան։


Փետրուար 27-ին Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը` վերապտուելի Օլավ Թվէյթ շնորհակալութիւն յայտնած է Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին քրիստոնեաներու միութեան ի խնդիր բերած նպաստին։ Սրբազան Հայրը քաջալեր հանդիսացաւ ''քրիստոնեաներու միութեան տեսութիւնը զանազանութեան մէջ'' ինչպէս նաեւ քաջալերեց կաթողիկէներու մասնակցութիւնը Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի յայտագրերուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.