2013-02-27 14:54:16

Սուրբ Աթոռի Բանբեր՝ Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Մամլոյ Ասուլիսը


Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտի մամլոյ ասուլիսի ընթացքին իր տպաւորութիւնները յայտնեց տալով կարգ մը տեղեկութիւններ Սրբազան Քահանայապետին վերջին գործունէութիւններուն մասին.
Խօսելով՝ Նորին Սրբութեան վերջին հրապարակային ունկնդրութեան մասին, ան յայտնեց որ յուզումնալից մթնոլորտ կը տիրէր միաժամանակ մեծ անդորրութիւն. ան ըսաւ թէ՝ Վատիկանի հեռուստատեսիլի պատկերները ցոյց կու տան գեղեցիկ դէմքը Սրբազան հօր, ան հանդարտ էր ու ժպտադէմ։
Հայր Լոմպարտին ապա յայտնեց թէ՝ Գլեմենթինա սրահը կայացած աջահամբոյրին ի շարս պետական ու քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն ներկայ էր նաեւ Հռոմի քաղաքապետը՝ Ճաննի Ալէմաննոն։
Պապին ամենամօտիկ գործակիցները մօտէն բարեւեցին Սրբազան Հայրը , այդ ժամանակ ալ, ըսաւ Վատիկանի բանբերը ան հանդարտ էր եւ ուրախ, յայտնի էր որ հանդարտ խղճով կատարած է իրեն յանձնուած գործը, եւ իր առած որոշումը... Աստուծոյ կամքին համաձայն է՝՝։
Սքանչելի օր մը, նաեւ ՜՜կլիման՝՝ գեղեցիկ օդը, կրնանք ըսել որ ՜՜նշան է որ կատարելագործուած է Սրբազան Հօր մեծ ծառայութիւնը...՝՝
Ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին սրբազան քահանայապետին արտասանած խօսքերը, ինչպէս՝ ՜՜Աստուծոյ ներգործութիւնը՝՝ որ Սուրբ Պենետիկտոսի խօսքերն են, Քահանայապետը ջանաց գործել եւ կը շարունակէ գործել, ըսաւ Հայր Լոմպարտի...
Սրբազան Հօր եզրափակիչ խօսքերը եւս ՜՜Աստուած կ՝առաջնորդէ Եկեղեցին, ու նեցուկ կը կանգնի անոր նաեւ ամենէն դժուար պահերուն- երբեք չկորսնցնենք հաւատքի այս տեսիլքը...՝՝ այս խօսքերը Պենետիկտոս ԺԶ.ի համար միակ ճշմարիտ տեսողութիւնն է Եկեղեցւոյ ու աշխարհի ուղեւորութեան...
Հայր Լոմպարտի խօսեցաւ նաեւ հրապարակը գտնուող հաւատացեալներու թիւին մասին, պատասխանեց լրագրողներու հարցումին որոնք կ՝ուզէին գիտնալ թէ արդեօք ընտրութեան նշան ՜՜ծխնելոյզը՝՝ պատրաստ է, ան ըսաւ ՜՜տակաւին ոչ՝՝ յայտնելով նաեւ որ վերջին օրուայ հրապարակային գործունէութիւնը ուղիղ եթերով պիտի հեռասփռուի։








All the contents on this site are copyrighted ©.