2013-02-27 12:47:29

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Վերջին Հրապարակային Ունկնդրութիւնը։


Չորեշաբթի 27 փետրուարի առաւօտեան ժամը 10,30-ին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը նախագահեց իր քահանայապետութեան վերջին հրապարակային ունկնդրութիւնը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներու եւ հաւատացեալներու նրկայութեամբ։
Ներկայ էին նաեւ, ի մէջ այլոց, Սլովաքիոյ եւ Պավարիայի նախագահները, ինչպէս նաեւ Անտորրայի Իշխանը եւ Սան Մարինոյէն պատուիրակութիւն մը, որոնք, ունկնդրութեան աւարտին, Գլեմենթինա Սրահին մէջ, առիթ ունեցան առանձնական հանդիպում ունենալու եւ ողջունելու Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը։
27 փետրուարի առաւօտեան առաջին ժամերէն խուռներամ բազմութիւն մը սկսած էր Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ տեղ գրաւել։ Կազմակերպիչներու գնահատումով ներկաներու թիւը 150 - 200 հազար էր։
Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր 8 տարուայ քահանայապետութեան ընթացքին գլխաւորած է 348 հրապարակային ունկնդրութիւններ որուն մասնկացած են 5.116,600 հաւատացեալ։

Չորքաշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան սկիզբը Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը Քահանայապետական Իքնաշարժով (Papa Mobile) անցաւ բազմութեան մէջէն զանոնք ողջունելով ու ապա հասնելով Սուրբ Պետրոսի պազիլիքայի մուտքին պատրաստուած բեմը7 ներկաներուն ուղղեց ողջերթի ճառ մը7 որուն մէջ բացայատեց իր կարեւոր որոշումին իմաստը, շնորհակալութիւն յայտնելով Աստուծոյ եւ իր անմիջական գործակիցներուն ու նաեւ բոլոր հաւատացեալներուն որոնք մօտիկութիւն ու սէր ցուցաբերեցին ու աղօթքով կ՛ընկերանան իրեն ու Եկեղեցւոյ։
Սրբազան Հայրը ճառը եզրափակեց հաստատելով թէ եկեղեցին առաջնորդողը Աստուած է ու Ան միշտ դիկունք կը կանգնի անոր, մանաւանդ դժուար պահերուն։
Ան ապա զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները ու յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն քաջալերելով զանոնք պատրաստ ըլլալու միշտ հետեւիլու Քրիստոսին։








All the contents on this site are copyrighted ©.