2013-02-27 14:36:56

Էջ մը Հայ Գրականութենէն
Սարգիս Շնորհալի


Սարգիս դասընկեր էր Իգնատիոսի եւ միւս բոլոր խումբին, Ներսէս Շնորհալիի, Գրիգոր Պահլաւունիի եւ այլոց, Ստեփանոսի եւ Գրիգոր Վկայասէր Կաթողիկոսի ղեկավարութեան ներքեւ` Կարմիր վանքին մէջ։ Որոշ տարիքէ մը ետք` ան նախընտրած է քաշուիլ Սեաւ լերան Քարաշիթու վանքը, նուիրուելու համար առանձնական հոգեւոր եւ ուսումնական կեանքի, կարդալով ու խորհրդածելով Սուրբ Գիրքը, ինչպէս նաեւ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերանի հոգելից ճառերը։
Քաջալերուած այս ընթերցումներէն, իր մէջ եւս փափաքը կ՛արթննայ ձեռնարկելու մեկնողական գրութեան մը. Նկատի առնելով թէ Պօղոս առաքեալի գրութիւններէն դուրս եղող միւս առաքելական թուղթերը յաճախ անտեսուած են մեկնիչներէն, կ՛որոշէ մեկնութիւնը ընել հայերէն լեզուով` 7 առաքելական նամակներուն, այսինքն Պետրոսի երկու թուղթերուն, Յովհաննէսի 3 թուղթերուն, Յակոբի եւ Յուդայի մէկական թուղթերուն։
Այս գրութիւնը աւարտած է 1156 թուին, ինչպէս կ՛ակնարկէ յիշատակարանին մէջ։ Սակայն, զգալով որ աշակերտներուն համար աւելի համառօտ գրութիւն մը աւելի օգտակար կրնայ դառնալ, Սարգիս, 10 տարիներ ետք` կը կատարէ նոյն մեկնութեան համառօտութիւնը. Հնգետասան եւ վեց հարիւր հայոց թուին, այսինքն 615 հայոց թուականին, որուն վրայ աւելցնելով 551, կը ստանանք 1166 թուականը։
Այդ թուին արդէն Սարգիս Շնորհալի ինքզինք կ՛որակէ ծեր. Ուստի վստահաբար 70-ի մօտ ըլլալու է իր տարիքը։ Ան կը խնդրէ նաեւ որ ընթերցողները չանտեսեն երկար ժամանակէ ի վեր ուսումնասիրուած այս գործը, այլ, ինչպէս կ՛ըսէ ինք, ընդունին իբրեւ փուշէն` վարդ, տատասկէն` թուզ, մորենիէն` խաղող, խոր ձորէն` պատուական մարգարիտ...։
Սարգիս Շնորհալիի գրութիւնը ունի բոլոր յատկութիւնները մեկնողական գրուածքի մը. Ողջամիտ վարդապետութիւն, եռանդուն լեզու եւ լուրջ քննութիւն ամէն մի բառի ու նախադասութեան։ Հետեւած է յոյն եւ ասորի շատ մը սուրբ հայրերու ոճին եւ մեկնողական բացատրութիւններուն. Սուրբ Գրիգոր Աստուածաբանի, Սուրբ Կիւրեղ Աղեքսանդրացիի, Սուրբ Բարսեղ Կեսարացիի, Սուրբ Եփրեմ Ասորիի եւ մանաւանդ` Սուրբ Յովհան Ոսկեբերանի։
Թէպէտ կը ջանայ Ոսկեբերանի ճարտասանութեան հաւասարիլ, սակայն անշուշտ դեռ հեռու կը մնայ անկէ. Ունի պերճախօս լեզու մը եւ ամէն հնարք ու ջանք կը գործածէ համոզելու մարդը որ իր սրտէն խլէ ամէն տեսակի արմատացած կիրքերը։ Կը գործածէ նաեւ անուշ լեզու մը երբ կը դրուատէ առաքինութիւնները։
Առաջին տպագրութիւնը տեղի ունեցաւ Կ.Պոլսոյ մէջ` 1744-ին, երկուքը միասին, ընդլայնուածը եւ համառօտը։ Իրեն կ՛ընծայուի նաեւ Եսայի մարգարէի գրքին մեկնութիւնը, ինչպէս նաեւ ճառ մը Առաջաւորաց Պահքին վրայ, խնդրուած Պահլաւունի կաթողիկոսէն. Սակայն այս երկու գրութիւններն ալ կորսուած են ու չեն հասած մեր ձեռքը։ Լեզուն կը դասուի հին դասական գրութիւններու համարժէք, սակայն բաւական կը տարբերի 5-րդ դարու ոսկեղէն գրաբարէն. Բայց կարելի չէ ըսել նաեւ որ յունաբան դպրոցի կը պատկանի, քանի որ ըստ բաւականին ընտիր լեզու մըն է։
12-րդ դարու հեղինակները միշտ ջանացած են մօտենալ 5-րդ դարու գեղեցիկ լեզուին. Ոմանք յաջողած են ամբողջովին, ինչ որ պարագան է Ներսէս Շնորհալիի, ուրիշներ կիսկատար ձեւով, ինչ որ պարագան է Սարգիս Շնորհալիի։








All the contents on this site are copyrighted ©.