2013-02-27 12:47:42

Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի Նամակը Աւագ Ուրբաթ Օրուայ Դրամահաւաքի Ի Նպաստ։


Արեւլեան եկեղեցիներու կառաւարիչը, Կարդինալ Լէօնարտօ Սանտրին, ըստ աւանդութեան, Ս. Զատկի տօնին առթիւ, ամէն տարի նամակ կ'ուղղարկէ աշխարհի բոլոր եպիսկոպոսներուն, հրաւիրելու զանոնք, դրամահաւաքի միջոցաւ օժանդակելու Սուրբ Երկրին բոլոր քրինստոնեաներուն։
Կարդինալ Սանտրին, իր նամակին մէջ կ'ընդգծէ կարեւորութիւնը այդ դրամահաւաքին եւ կը նշէ թէ ինչպէս Ս. Աւետարանի գթութեան պատգամը կը սատարէ հասկնալու համար աւագ Ուրբաթ օրուայ դրամահաւաքին նպատակը, ''օգնել մեր եղբայրներն ու քոյրերը որոնք կ'ապրին իրենց հովիւներուն հետ ս. Երկրին մէջ, ապրելով Քրիստոսի խորհուրդը՝ Խաչեալը որ Յարութիւն առաւ մարդոց փրկութեան համար։''
Ան պատգամին մէջ կը մատնանշէ թէ Սուրբ երկրի մէջ բնակող ժողովուրդը ծառաւն ունի արժանապատութեան եւ արդարութեան։ Ան ապա ակնարկելով Սուրիոյ տագնապին կը հաստատէ թէ ''Սուրիոյ ճակատագիրը ազդեցութիւն ունի համայն միջին արեւելքի վրայ'' ու արդ թախանձագին կոչ մը կ՛ուղղէ ''խաղաղութեան ի խնդիր''։
Սուր Երկիրը քրիստոնէութեան արշալոյսի վկայութիւնն է եւ սուրբ վայրերու ողջ պահապանը - կը գրէ Կարդինալ Սանտրին - ֆրանչիսկեաններու Պահակին, Լատիներու պատրիարքութեան , հայ եկեղեցւոյ, մելքիթ, մարոնի ու գաղտէացի եկեղեցիներուն շնորհիւ ։
Ան ապա կ՛ընգծէ թէ առանց սրտերու բարեփոխումին եւ ապքատներու հանդէպ բանեկից յանձնառումին ոչ մէկ յեղաշրջում կարելի է։








All the contents on this site are copyrighted ©.