''Քարերու Գաղտնիքն ու Հմայքը'' Նիւթին Մասին Ցուցահանդէս Ու Դասախօսական Հանդիպումներ,
Մոնրէալի Մէջ։
Անին՝ հազարումէկ եկեղեցիներու քաղաքը, Հայաստանի մայրաքաղաք հռչակուեցաւ շուրջ 1050
տարի առաջ, Բագրատունի Աշոտ Գ. (Ողորմած) թագաւորին կողմէ ։ Ան գոյութիւն ունեցած էր
Նոր քարի դարաշրջանէն, ու Միջին դարերուն դարձաւ մշակութային ու տնտեսական կարեւոր կեդրոն
մը։ Անին դիմացաւ բազմաթիւ պատերազմներու, յարձակումներու ու պաշարումերու։ Բայց 1131-ի
ահաւոր երկրաշարժը աւերակներու վերածեց քաղաքը։ Այսօր UNESCO Անիի աւերակները կը ճանչնայ
իբրեւ համաշխարային մշակութային ժառանգութիւն։
Յիշատակելու համար այս կարեւոր
յոբելեանը, Գանատայի հայ առեւտրական խորհուրդի Կամար ճարտարապետական-ճարտարագիտական յանձնախումբի
կազմակերպութեամբ ու մասնակցութեամբ Մոնթրէալի հայ մշակութային միութիւներուն, ինչպէս
նաեւ զօրակցութեամբ Քեպէգի Ճարտարապետներու կարգին (Ordre des architectes du Québec),
Սէն-Լօրանի Musée des maîtres et artisans du Québec թանգարանէն ներս, 27 փետրուարէն
24 մարտ 2013 տեղի պիտի ունենայ ցուցահանդէս մը, իսկ պիտի կազմակերպուին նաեւ դասախօսութիւններ
Մոնթրէալի, Թորոնթոյի եւ Օթթաուայի քաղաքներու հայ համայնքային կամ մշակութային կեդրոններուն
մէջ։ Պիտի ցուցադրուին հին ու նոր լուսանկարներ, քարտէսներ, գծագրութիւններ եւ բացատրութիւններ՝
երեք լեզուներով, Անիի պատմութեան ու ճարտարապետութեան վերաբերեալ։ Դասախօսելու հրաւիրուած
է Դոկտ. փրոֆ. Աշոտ Գրիգորեան՝ տնօրէնը Հայաստանի Ճարտարապետական ազգային թանգարան-ինստիտուտին,
որ մեծապէս մասնակից է ցուցահանդէսի պատրաստութեան։ Կը ծրագրուին հայկական վարժարաններու
աշակերտներու այցելութիւններ ցուցահանդէսին։