2013-02-26 14:55:30

ՄԱՆՈԻԿՆԵՐԸ ԵԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆ


Բազմաթիւ պատճառներու համար, մանուկներու ներկայութեան թիւը եկեղեցիներուն մէջ եւ յատկապէս Սուրբ Պատարագին ընթաքին կր պակսի :
Ծնողքները կը պատճառաբանեն թէ մանուկները, իրենց կանխահաս տարիքին պատճառաւ, կրնան եկեղեցիին մէջ ձանձրանալ, ուրիշներ կ'ըսեն թէ եկեղեցին հեռու է իրենց տուներէն կամ թէ իրենց մանուկները դասերով ծանրաբեռնուած ըլլալով՝ ժամանակ չունին եկեղեցի գալու եւ Սուրբ Գիրքին խօսքը լսելու, իսկ ոմանք կը փափաքին իրենց զաւկին կրօնական կրթութիւնը յետագային ձգել որպէսգի անոնց առիթը տան իրենք իրենց կողմնորոշուելու իրենց հաւատքին ու սկզբունքներուն :
Երբ Սուրբ Պօղոս առաքեալի թուղթը կարդացուեցաւ Եփեսացիներուն, ան ուղղակիօրէն սահմանուած էր մանուկներուն. ,Մանուկներ, ձեր ծնողքներուն հնազանդեցէք՝ ինչպէս Քրիստոսըե : Ինչպէ՞ս կարելի էր մանուկներուն այս խօսքերը լսել եթէ ներկայ չգտնուէին եկեղեցւոյ մէջ :
Երբ ընտրելու ազատութիւնը կը մէջբերենք, ան նման է մկրտութեան երբ մենք մեզի կը հարցնենք հետեւեալը, ,անհրաժե՞շտ է գիտակից ըլլալ՝ ընդունելու համար մկրտութեան խորհուրդըե : Արդե՞օք մանուկին Ազատութիւնը կ'ոտնակոխենք երբ իր տեղը մկրտութիւնը կը խնդրենք : ,Թողու՛ք մանուկները ինծի մօտենալե, ըսաւ Յիսուս, ,արգելք մի հանդիսանաք քանի որ Արքայութիւնը անոնց կը պատկանիե : Աւետարանին այս խօսքերը կ'ապացուցանեն թէ մանուկները որքան ընդունակ են ընդունելու մկրտութեան սուրբ խորհուրդը՝ այս նոր ծնունդը եւ մուտքը արքայութեան մէջ :
Մանուկ մը մկրտել նախ եւ առաջ ապացուցանել է Աստուծոյ անհուն սէրը մարդուն հանդէպ՝ ինչ որ ալ ըլլայ անոր սիրտը : Աստուած չի սպասեր որ մարդը արժանի ըլլայ անոր սիրոյն որպէսզի զինք սիրէ : Ան կ'ընդունուի Աստուծոյ շնորհքով եւ Արարիչին սկզբնական սիրով : Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետը կը յիշեցնէ թէ ,մանուկներուն մկրտութիւնը կը բացայայտէ Աստուծոյ տիեզերական սէրը :
Եկեղեցին կը յայտնէ թէ այս սէրը կանխարգելիչ եւ ձրի սէր մըն է. Տէրը մարդը կը սիրէ նախքան որ ան տեղեակ ըլլայ սիրոյ իրականութենէն. բարեբախտաբար, այս իրականութիւնը կը նմանի ծնողքներուն սիրոյն իր տակաւին աշխարհ չեկած մանուկին : Աստուծոյ համար ամէն մարդ արժէք մը ունի նախքան որ որեւէ բան մը կատարէ այս աշխարհիս վրայ, քանի որ անձ մըն է՝ կանչուած իր Որդիին արքայութեան մէջե :
Որոշ ծնողքներ հետեւեալ հարցը կու տան. ,Ի՞նչ ընենք մեր զաւակներովե, իրականութեան մէջ պէտք է հարցնեն ,Ի՞նչ կ'ընենք մեր զաւակներուն համարե :
Ընտանիք մը առաջնահերթ պատասխանատուութիւնը ունի զարգացնելու ու պատրաստելու իր զաւակները քրիստոնէական կրթութեամբ : Եթէ մանուկները հաւատան թէ իրենց ծնողքներուն եկեղեցին հաւասար է դաժանութեան, անոնք պիտի խորհին թէ Յիսուսն ալ կոռ մըն է : Ուրեմն, կը պարտինք միջոցներ գտնել Եկեղեցին դարձնելու վայր մը ուր մանուկները հանգիստ եւ ուրախ կը զգան :
Ի՞նչ ընել : Մանուկները եկեղեցի բերել պարտականութիւն մըն է զոր ծնողքները պէտք է յարգեն, որովհետեւ առանց մանուկներուն Եկեղեցին ապագայ չունի, եւ անոնք ալ ապագայ չունին առանց Եկեղեցւոյ բարեպաշտ արժանիքներուն: Սակայն, մանուկները եկեղեցի բերել յատուկ պատրաստութեան մը կը կարօտի որպէսզի անոնք եկեղեցիով եւ Սուրբ Պատարագով հարստանան : Պէտք է անոնց սորվեցնել պատարագին եւ սուրբ հաղորդութեան մասնակցիլ՝ մոմեր վառելով կամ դրամ դնելով :
Եկեղեցին այն հաւատքին քարայրն է որ կարելիութինն ունի մանուկները սքանչացնելու, միայն թէ գիտնայինք ինչպէս զանոնք դէպի եկեղեցի առաջնորդել : Իսկ եթէ պատմութեամբ կը հետաքրքրուինք, ուստի կ՛իմանանք թէ Սուրբերը եկեղեցի կը յաճախէին փոքր տարիքէն սկսեալ եւ այսպէս է որ անոնք կապուած մնացին Եկեղեցւոյ :
Հայր Գէորգ Ասատուրեան








All the contents on this site are copyrighted ©.