2013-02-26 12:46:25

ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ Շարադրութեան Գ. Մրցանքի Նշանակի Տուչութեան Եւ Մրցանաբաշխութեան Հանդիպում։


Յառաջիկայ ուրբաթ օրը՝ մէկ մարտին, Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի Տեղեկատուական -ուսումնասիրական աշակերտական խմբակի կազմակերպութեամբ տեղի կ՝ունենայ ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ շարադրութեան Գ. մրցանքի նշանակի տուչութեան եւ մրցանաբաշխութեան հանդիպումը. որուն ընթացքին
խօսք կ՜առնեն Պոլիս լոյս տեսնող՝ Ակօս-երկշաբաթաթերթի հայերէն բաժինի պատասխանատու եւ խմբագիր պրն. Սարգիս Սերոբեան, եւ Հրանդ Տինք մրցանքի դատական կազմի անդամ Ժիրայր Դանիէլեանը ։ Իսկ Շաբաթ, 2 Մարտի երեկոյեան , միշտ Մեսրոպեան վարժարանի (ֆարաճեան) լսարանին մէջ տեղի կ՝ունենայ մամլոյ լսարան մը
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի , Ազդակ օրաթերթի, եւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի կեդրոնի կազմակերպութեամբ։ <<Ակօս թերթը եւ թաքուն հայերու երեւոյթը>>, թեմաղով հանդիպումին կը զեկուցէ ՝ Սարգիս Սերոբեան , պատասխանատու խմբագիրը Ակօս թերթի հայերէն բաժինին ։

Հռոմի մէջ ամէն տարի կը յիշատակուի ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ-ը, յատուկ երեկոյթով մը որուն ընթացքին, ողբացեալ մտաւորականին անունով մրցանակ մը կը շնորհուի իտալացի լրագրողի մը, որ յատուկ կերպով նպաստած է , իր յօդուածներով կամ հատորով մը ՜՜Խօսքի ազատութեան՝՝ նաեւ փոքրամասնութիւններու (անշուշտ նաեւ անոնց մէջ հայոց) իրաւունքներուն պաշտպանութեան...
Այս տարի (Ուրբաթ 8 մարտին տեղի ունենալիք մրցանակի տուչութեան երեկոյթին) սոյն մրցանակին՝ ՜՜Հրանդ Տինք՝՝ մրցանակին, կ՝արժանանայ իտալացի լրագրող տիկ Մարիա Չէչիլիա Սանճորճին։








All the contents on this site are copyrighted ©.