2013-02-26 12:44:44

Գանատայի Մէջ Ստեղծուած Է Կրօնի Ազատութեան Գրասենեակ.


Անիկա մաս պիտի կազմէ արտգործ նախարարութեան։
Գանատայի ներկայ կառավարութիւնը ստեղծած է կրօնի ազատութեան նոր գրասենեակ մը ունենալով որպէս կէտնպատակ պաշտպանել կրօնի ազատութիւնը աշխարհի մէջ։ Գրասենակը ունի 5 պաշտօնեայ եւ անոր տարեկան պիւտճէն 5 միլիոն տոլար է։ Գրասենեակին գործունէութիւնը պիտի կեդրոնանայ աշխարհի այն երկրամասերու մէջ, ուր ակնբախ է կրօնի ազատութեան դրժումները, որոնք կը դրսեւորուին բռնարարքներով, ատելութեամբ ու խտրականութեամբ։ Այս նոր մարմնին պատասխանատու նշանակուած է Անտրէ Բեննէթը՝ որ դեսպանի տիտղոս պիտի ունենայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.