2013-02-26 14:47:59

Ափրիկէի Եպիսկոպոսկան Խորհուրդի Հովուական Թուղթը։


Ափրիկէի Նախագահներու Կոչ ` Ափրիկեան Ցամաքամասէն Արմատախիլ Ընելու Աղքատութիւնը ։
Ափրիկէի եպիսկոպոսներու խորհուրդը հովուական թուղթ մը գրած է ափրիկեան ցամաքամասի պետութիւններէն խնդրելով որ իրենց առաջին ու գլխաւոր մտահոգութիւնը ըլլայ աշխատիլ արմատախիլ ընել աղքատութիւնը իրենց ցամաքամասէն։
Հովուական թուղթը կը կրէ ''Ափրիկէի կառավարութիւնը, դէպի հանրավարութեան յեղաշրջում, ընդհանուրին բարիքը'' վերտարութիւնը։
Հովուական թուղթին մէջ եպիսկոպոսները կը դատապարտեն կաշառքի բոլոր երեւոյթները, զայն որակելով որպէս ցամաքամասի խլիրդը։
Հովուական թուղթը` ներկայացնելով մամուլին Գերապայծառ Գաբրիէլ Մբիլինճի` Ափրիկէի եպիսկոպոսական խորհուրդի քարուղարը ըսաւ որ բոլոր ցամաքամասի պետերը կանչուած են պահպանելու հասարակաց բարիքը, ընկերութիւնը ոչ միայն կարիքը ունի ընտիրներու այլ եւ ընկերութեան բոլոր անդամներուն։ Հասարակաց բարիքը կազմուած է երեք տարրերէ. անհատին յարգանքը, ընկերային բարրօրութիւնը եւ խումբին յառաջդիմութիւնն ու խաղաղութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.