2013-02-25 12:43:52

Պուլկարիոյ Եկեղեցական Ազգային Ժողովը Պուլկարիոյ Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Պատրիարք Ընտրած Է Նէոֆիտ Տը Ռուսէն ։


Մետրապոլիտ Նէոֆիտ տը Ռուսէ, 67 տարեկան, նոր պատրիարքն է Պուլկարիոյ օրթոտոքս եկեղեցւոյ։ 24 փետրուարին, Պուլկարիոյ ազգային ժողովը, կազմուած՝ եպիսկոպոսներէ, վանահայրերէ, եկեղեցական ու աշխարհական պատուիրակութիւններէ, զինք ընտրեց պատրիարք Պուլկարիոյ օրթոտոքս եկեղեցւոյ։ Ան կը յաջորդէ Մաքսիմ պատրիարքին որ 98 տարեկանին վախճանած էր անցեալ 6 նոյեմբերին։ Նշենք որ Պուլկարիոյ 7,5 միլիոն բնակչութեան 80 տոկոսը օրթոտոքս են, կաթողիկէները կը ներկայացնեն բնակչութեան գրեթէ մէկ առ հարիւրը իսկ մահմետականները` երկրին տասը տոկոսը։








All the contents on this site are copyrighted ©.