2013-02-25 12:41:28

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Հրապարակային Ունկնդրութիւններու ''Վիճակագրական'' Տուաելներ։


Յառջաիկայ 27 փետրուարի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը պիտի հանդիսանայ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի քահանայապետութեան շրջանի վերջինը, մինչ առաջինը կատարուած էր 27 ապրիլ 2005-ին։
Գրեթէ ութը տարի տեւող քահանայապետութեան ընթացքին Պենետիկտոս ԺԶ-ը նախագահած է 348 հրապարակային ունկնդրութիւններ որոնց մասնակցած են, մինչեւ 2012 դեկտեմբերը, 4.982,600 հաւատացեալ։ 2013-ի տուեալները տակաւին չեն հրատարակուած։
Ամենաբազմաթիւ ներկայութիւնը արձանագրուած է 2006-ին, 45 ունկնդրութիւններու ընթացքին` 1.031,500 հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։ Երկրորդ շարքին է 2005 տարին, 810 հաւատացեալներու ներկայութեամբ, 35 հրապարակային ունկնդրութիւններով։ Իսկ վերջին տեղը կը գրաւէ 2011-ը 45 ունկնդրութիւններով եւ 400 հազար հաւատացեալներու ներկայութեամբ։ 2012-ին տեղի ունեցան 43 հրապարակային ունկնդրութիւններ 447 հազար հաւատացելներու ներկայութեամբ։ Իսկ յառաջիկայ 27 փետրուարին, չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան արձանագրուող մասնակիցներու թիւը մինչեւ օրս 40 հազարի կը հասնի։








All the contents on this site are copyrighted ©.