2013-02-25 12:42:25

՜՜Երանութիւններ՝՝ Կոչուած Միութեան Այցը Զմմառու Վանք։


Ֆրանսա ծնունդ առած և ապա աշխարհով մէկ տարածուած և միջազգային դարձած «Երանութիւններ» անուան միութիւնը կամ (groupe ՜՜Les Béatitudes՝՝-ը) կիրակի 24 Փետրուարին, Զմմառու Վանք այցելեց։
Այս միութիւնը հիմնուած է 1972-ին, ֆրանսա, երկու ֆրանսացի աշխարհական զոյգերու կողմէն և արդէն 5 աշխարահամասերու 30 երկիրներու մէջ գոյութիւն ունի. ինչպէս նաեւ գողտրիկ Լիբանանի մէջ, ուր հաստատուած են 1982-էն ի վեր: Անոնց նպատակն է Աւետարանի երանութիւնները լիուլի գործադրել իրենց կեանքին մէջ:
Կիրակի օրը, առաւօտեան՝ խումբը Զմմառու վանքին մէջ, ներկայ գտնուեցաւ Ս. Պատարագին, զոր մատոյց ու նաեւ քարոզեց Գերյ. Հ. Եղիա Ծ. Վ. Եղիայեան: Խումբին 10 հոգինոց անդամներուն կ՝ընկերանային ֆրանսացի և տեղացի վարդապետներ և Աւստրիացի կրօնաւորուհի մը, որոնք հիացումով և երկիւղածօրէն մասնակցեցան հայածէս Ս. Պատարագին: Որմէ ետք վանքի փոքր դահլիճին մէջ, հիւրասիրութիւն տեղի ունեցաւ որուն ընթացքին, հիւրերը ներկաներուն ծանօթացուցին «Երանութիւններ» միութեան գործունէութիւնը Լիբանանի մէջ, իսկ կէսօրին՝ անոնք վանքի մէջ, ճաշին հիւրը եղան: Ճաշկերոյթի պահուն անոնք տոհմիկ երգեր երգեցին և հուսկ այցելեցին վանքի թանգարաններն ու գինեմառանը:








All the contents on this site are copyrighted ©.