2013-02-24 10:51:41

Սուրբ Աթոռը եւ Հարաւային Սուտանը Դիւանագիտական Կապեր Կը Հաստատեն։


''Ափրիկեան նոր պետութեան պաշտօնական ճանաչում ''

Դիւնագիտական կապերու հաստատումով Վատիկանի եւ Հարաւային Սուտանի միջեւ Ս. Աթոռը պաշտօնապէս կը ճանչնայ ափրիկեան նոր պետութիւնը` Հարաւային Սուտանը, որ իր անկախութիւնը ունեցաւ յուլիս 2011-ին։
Ս. Աթոռը մտադիր է Ժուբայի մէջ բանալ իր առաքելական դեսպանատունը։
Հարաւային Սուտանը ՄԱԿէն ճանչցուած 193-րդ պետութիւնն է։ Անոր տարածութիւնը շուրջ 600 հազար քառակուսի քլմ. է։ Անոր ենթահողը հարուստ է քարիւղով, թանկագին քարերով, զանազան հանքերով ու առատ քաղցր ջուրով։
Հարաւային Սուտանի քրիստոնեայ եւ հոգեպաշտ բնակիչները հիւսիսային Սուտանէն անջատուեցան Խարթումի խտրական ու մահմետական քաղաքականութեան հետեւանքով։
Նշենք որ Պենետիկտոս ԺԶ -ի քահանայապետութեան ընթացքին Ս. Աթոռը դիւանագիտական կապեր հաստատած է վեց պետութիւններու ու միջազգային հաստատութիւններու հետ` Մոնթենէկրոյի հետ 2006-ին, Եւրոպական Միութեան ու Արաբական Էմիրաթներու հետ 2007-ին, Պոթսուանա 2008-ին, Դաշնակցային Ռուսիոյ հետ 2009-ին եւ Մալիզիայի հետ 2011-ին։ Հարաւային Սուտանով Ս. Աթոռը 180 պետութիւններու հետ դիւանագիտական կապեր հաստատած կ՛ըլլայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.