2013-02-24 12:22:14

Պենետիկտոս ԺԶ-ի Քահանայապետութեան Վերջին Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը։


Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած 100 հազար ուխտաւորներու ներկայութեամբ, կիրակի 24 փետրուարի կէսօրին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը արտասանեց իր քահանայապետութեան շրջանի վերջին Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը։

Աղօթքէն առաջ Սրբազան Քահանայապետը, որ բազմաթիւ ծափողջոյններով դիմաւորուեցաւ ս. Պետրոսի հրապարկը գտնուող հաւատացելներէն, խորհրդածութիւն մը կատարեց քաղուած օրուան սուրբ գրային ընթերցումներէն ուր կը խօսուի Յիսուսի Պայծարակերպութեան մասին (Ղուկաս 9, 28-36), ուր Տէրը իր չարչարանքներուն ու մահուան մասին խօսելէ ետք իր աշակերտներուն անոնց կը յայտնէ իր Փառքի նախանկար մը։
Խորհրդածելով աւետարանի այս հատուածին վրայ կրնանք շատ կարեւոր դաս քաղել - ըսաւ Սրբազան Հայրը`- ''ամենէն առաջ աղօթքի առաջնութիւնը, առանց որուն առաքելական եւ բարեսիրական բոլոր յանձնառումը կը դառնայ լոկ աշխուժութիւն։''
Քառասնորդացի ընթացքին սորվինք, թէ անձնական թէ հասարակական գետնի վրայ, աղօթքին յատկացնել պատշաճ ժամանակ, որ շունչ պարգեւէ մեր հոգեւոր կեանքին։
Աղօթքը աշխարհէն մեկուսացում մը չէ այլ ան կ՛առաջնորդէ ուղեւորութեան մը, ինչպէս գրեցի քառասնորդացի իմ պատգամիս մէջ ''Քրիստոնէական գոյութիւնը կը կայանայ շարունակական քայլարշաւ դէպի լեռ, հանդիպելու Աստուծոյ ու ապա վայրէջք կատարելու ու այդ հանդիպումէն բխած սիրով եւ զօրութեամբ ծառայելու մեր եղաբայրներուն եւ քոյրերուն Աստուծոյ նոյն սիրով։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր - ըսաւ ապա Սրբազան հայրը - Կը զգամ թէ Աստուծոյ այս կոչը յատուկօրէն ուղղուած է ինծի, կեանքիս այս կարեւոր պահուն։ Տէրը զիս կը հրաւիրէ ''բարձրանալու լեռ'' եւ նուիրուելու աղօթքի եւ խորհրդածութեան։
Այս չի նշանակեր անտեսել կամ թողուլ Եկեղեցին, ընդհակառակը, Աստուած ինծմէ կը խնդրէ այս մէկը որպէսզի ես շարունակեմ ծառայել Եկեղեցւոյ, մինչեւ օրս ունեցած նոյն յանձնառումով եւ նոյն սիրով, բայց իմ տարիքիս եւ իմ ուժերուս կարողութեամբ։

Սրբազան Քահանայապետը խօսքը եզրափակեց ըսելով` ''Հայցենք Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը, Ան թող օգնէ մեզ հետեւելու Տիրոջ` Յիսուսի աղօթքի եւ բարեգործութեան աշխատանքի մէջ։''

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը հուսկ զանազան լեզուներով ողջունեց ներկայ հաւատացեալները շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց մօտիկութեան ու մանաւանդ աղօթքներուն համար ''իմ եւ եկեղեցւոյ այս յատուկ պահերուն''։

Ապա բոլորին մաղթելով բարի կիրակի եւ բարի շաբաթ մը տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.