Քահանայապետական շրջանը աւարտելէ 7 օր առաջ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը նոր եպիսկոպոսներ
եւ Պապական նուիրակներ նշանակեց որոնց շարքին 2 նոր եպիսկոպոսներ Արկէնթինայի համար
եւ երկու այլ եպիսկոպոսներ Պրազիլի։ Նորին Սրբութիւնը Իտալացի Աբբահայր Իլարիօ Անթոնիացցին
անուանած է Թունիզի Նոր արքեպիսկոպոս։ Յայտենք որ Թունիզի մէջ կ՛ապրին 21,000 կաթողիկէ
հաւատացեալներ։ Պենետիկտոս ԺԶ Իտալացի, 46 ամեայ, գերապայծառ Էթթորէ Պալէսդրէրոն`
որ մինչեւ օրս Սուրբ Աթոռի արտգործ նախարարութեան ենթաքարտուղարն էր, նշանակած է Քոլոմպիայի
կառավարութեան մօտ Պապական Նուիրակ ու անոր տեղ` որպէս արտգործ նախարարութեան ենթաքարտուղար
անուանած է Մալթացի` գերապայծառ Անէուան Գամիլլէրին որ մինչեւ օրս Վատիկանի արտգործ նախարար`
գերապայծառ Տոմինիք Մամպերթիի յատուկ քարտուղարի պաշտօնը։ Յայտնենք որ գերապայծառ
Պալէսթրէրոն Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական մարմնի անդամ է 1996էն ի վեր եւ 2009-էն ի վեր
կը վարէր արտգործ նախարարութեան ենթաքարտուղարի պաշտօնը։ Պենետիկտոս ԺԶ ապա գերապայծառ
Լէոն Քալէնկա Պատիքեպելէն անուանած է Սալվատորի նոր Պապական նուիրակ։ Իսկ Լեհ Միրոզլավ
Ատամչիզք եպիսկոպոսը նշանակած է Լիպէրիոյ մէջ առաքելական նուիրակ։ Ամերիկացի Միքայել
Պանաք անուանած է ադոմական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան մօտ Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչ։