2013-02-23 12:52:52

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Խօսքը Վատիկանի Մէջ Կայացած Հոգեւոր Կրթութեան Աւարտին։


''Այժմ որ վերջ կը գտնէ արտագին տեսանելի հաղորդութիւնը, հոգեւոր մօտիկութիւնը միշտ կայուն կը մնայ ներփակուած խոր աղօթքի միութեան մէջ։''

Շաբաթ 23 փետրուարի առաւօտեան ժամը 9-ին Վատիկանի Րէտէմբթորէս Մաթեր Մատրան մէջ վերջ գտաւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Քառասնորդաց շրջանի Հոգեւոր կրթութիւնը, զոր քարոզեց Մշակոյթի Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` Կարդինալ Ճանֆրանքօ Ռավազին, որպէս ընդհանուր նիւթ ունենալով ''Աղօթքի արուեստը` հաւատքի արուեստ։ Աստուծոյ դիմագիծը եւ մարդու դիմագիծը սաղմոսներու աղօթքին մէջ։''
Մէկ շաբաթ տեւող հոգեւոր կրթութեան մասնակցեցան նաեւ Սրբազան Քահանայապետի անմիջական օգնականները եւ Վատիկանի մէջ գործող կղերական դասը։
Կարդինալ Ռավազիի կատարած այօրուայ վերջին խորհրդածութեան աւարտին Պենետիկտոս ԺԶ-րդը շնորհակալական խօսք մը ուղղեց ներկաներուն, յատուկէն շնորհակալութիւն յայտնելով Կարդինալ Ռավազիին։
Նորին Սրբութիւնը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հոգեւր կրթութեան նիւթին` հակիրճ խորհրդածութիւն մը կատարելով ու յատկապէս մատնանշելով ''չար ոգիի'' գործունէութեան որ -ըսաւ Ան - ''կ՛ուզէ արարչութիւնը պղծել հակառակելու համար Աստուծոյ ու Անոր ճշմարտութիւնն ու գեղեցկութիւնը խեղաթիւրելու։''
Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց բոլորը շարունակելու ''ուղեւորութիւնը'' հաւատքի խորհրդալի աշխարհին մէջ որպէսզի ''կարողանան ունկնդրել, աղօթել,հռչակել եւ ըլլալ ճշմարտութեան վկաները որ գեղեցկութիւն ու սէր է։''
Պենետիկտոս ԺԶ խօսքը եզրափակեց շնորհակալական խօսք ուղղելով իր անմիջական օգնականներուն. ''երախտապարտ եմ ձեզի ոչ միայն այս շաբթուայ հոգեւոր կրթութեան ձեր մասնակցութեան համար այլ նաեւ ութը տարիներու ընթացքին ձեր համագործակցութեան, ձեր սիրոյն ու ձեր հաւատքին իմ հետս կրելով Սուրբ Պետրոսի Աթոռի բերը'' ու շարունակեց. ''Այժմ որ վերջ կը գտնէ արտագին տեսանելի հաղորդութիւնը, հոգեւոր մօտիկութիւնը միշտ կայուն կը մնայ ներփակուած խոր աղօթքի միութեան մէջ։''

Պենտեիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը ապա ժամը 11,30-ին առանձնական հրաժեշտի ունկնկդրութիւն շնորհեց Իտալիոյ Հանրապետութեան նախագահ Տիար ճորճօ Նափոլէթանոյին ու անոր կողակիցին։Հանդիպման ընթացքին Իտալիոյ Նախագահը Սրբազան Հօր փոխանցեց իտալիոյ ժողովուրդին երախտագիտական զգացումները հանդէպ Անոր գուրգուրանքին եւ հոգեւոր ու բարոյական վարդապետութեան։ Սրբազան Հայրը իր կողմանէ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց բարեկամական զգացումներուն մաղթելով իտալիոյ համար ամէն բարիք։

Նշենք թէ Սրբազան Քահանայապետը, մինչեւ 28 փետրուար պիտի շարունակէ իր հրապարակային ու պաշտօնական գործունէութիւնները։ Արդարեւ վաղը` կիրակի 24 փետրուարի կէսօրին Ան իր գրասենաեկի պատուհանէն պիտի արտասանէ հրեշտակ տեառն մարեմեան աղօթքը որ իր քահանայապետութեան վերջինը կը հանդիսանայ։ Այս առթիւ, ըստ տեղեկութիւններու, նախատեսուած է հաւատացեալներու հոծ բազմութեան մասնակցութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.