2013-02-23 12:53:37

Նուլընտ Անդրադարձած Է Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Հարցին


Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ հաստատակամ են շարունակելու կողմերուն հետ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ աշխատանքը:
«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքէջը, կը հաղորդէ, որ նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նուլընտ նշած է, որ պատերազմի ժամանակ մարդկային կեանքերու ողբերգական կորուստը վկայութիւն է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը չի կրնար ռազմական լուծում ունենալ:
«Միայն երկարատեւ եւ խաղաղ լուծումը թոյլ պիտի տայ շրջանին մէջ կայունութիւն, բարգաւաճում եւ հաշտեցում հաստատելու: Մենք` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ, հաստատակամօրէն հաւատարիմ ենք կողմերուն հետ աշխատելու յանձնառութեան», յայտարարած է Նուլընտ:








All the contents on this site are copyrighted ©.