2013-02-22 11:36:50

Պենետիկտոս ԺԶ.Սրբազան Քահանայապետը Եւ Հայ Եկեղեցին։
Պենետիկտոս ԺԶ-ի, 7 Մայիս 2008-ի, Չորեքշաբթի Օրուայ Ընդհանուր Ունկնդրութիւնը։


7 Մայիս 2008ի Չորեքշաբթի օրուայ Ընդհանուր Ունկնդրութեան ընթացքին,ի ներկայութեան Սուրբ Պետրոս Հրապարակին վրայ հաւաքուած տասնեակ հազարաւոր հաւատացեալներու,Սրբազան Քահանայապետը Բարի Գալուստի իր Ողջոյնի խօսքը կ՝ուղղէր Խորանին մօտ տեղ գրաւած Գարեգին Բ.Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։
Մեծ ուրախութեամբ կ՝ողջունեմ այսօր Նորին Ամենապատուութիւն Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ու անոր ընկրակցող ազնուաբարոյ Պատուիրակութիւնը։
«Սիրելի եղբայր Ի Քրիստոս ամենախնամ Աստուծոյ Աջին օրհնութեամբ այսօր ահա կողք կողքի կանգնած ենք ամրացնելու եւ վկայութիւն տալու մեր եկեղեցիներու միջեւ գոյացող եղբայրական սիրոյն: Հաւատարիմ Եկեղեցւոյ սուրբ հայրերուն եւ անոնց կտակին, հակառակ մեր տարբերութիւններուն եւ իւրայատկութիւններուն, հարկ է որ մենք առաւելապէս նկատի ունենանք եւ կարեւորութիւն տանք այն կէտերուն որոնք մեզ կը միացնեն իրարու: Յատկապէս հաճելի է մեզի հաստատել թէ սիրոյ հոգին եւ համագործակցութիւնը, Հայ եւ Կաթողիկէ Եկեղեցիներու միջեւ, կը գտնէ իր շօշափելի արտայայտութիւնը մեր օրերուն, համաձայն սաղմոսերգուին «Զի բարի կամ զի վայելուչ, զի բնակեն եղբարք ի միասին»(Սղմ. ՃԼԲ):
Այդ առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը կը յիշէր որ Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Տաճարի արտաքին պատին վրայ զետեղուած էր Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի մեծադիր արձանը .Սուրբը՝ հիմնադիրը Հայ Եկեղեցւոյ։ Հայ Ազգը մեզի կը յիշեցնէ(կ՝ըսէր Նորին Սրբութիւնը) անոր կրած դաժան հալածանքները,մասնաւորապէս անցեալ դարուն։ Հայ Ազգի բազմաթիւ մարտիրոսները նշանն են զօրութեանը Սուրբ Հոգիին որ կը գործէ մութ ժամանակներուն եւ յոյսի երաշխաւորութիւն ՝ աշխարհի քրիստոնեաներուն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.