2013-02-22 11:47:46

Հաւատքի ճանապարհը


Անտարակոյս որ մեր ներկայ ժամանակը կ՛անցնի մտոհոգիչ դժուարութիւններէն, յատկապէս ճշմարիտ հաւատքի խոստովանութեան ու անոր մեկնութեան գծով: Ասոր համար Սրբազան Քահանայապետը խորհեցաւ թէ «հաւատքի Տարի»ին հռչակումը, որ կը զուգադիպի Վատիկանեան Բ. Տիեզերական Ժողովին բացումին յիսնամեակի յոբելեանին, կրնայ պատեհ առիթը հանդիսանալ հասկնալու համար ժողովին գործերը, զորս Սիւնոդոսական Հայրերը մեզի թողուցին որպէս հայրենական ժառանգութիւն, որպէսզի «չկորսնցնէ իր արժէքէն ու պայծառութենէն», ինչպէս որ կ՛ըսէր երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբ. Քահանայապետը:
Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը, իր քահանայապետութեան առաջին ճառրէն իսկ հաւատացեալները հրաւիրեց վերագտնելու հաւատքի ճամբան, որ կը թոյլատրէ Քրիստոսի հետ ուրախ ու եռանդուն հանդիպում մը: Շրջաբերականին տիտղոսը «Հաւատքի դուռը», մեզ կը մտցնէ Աստուծոյ հետ հաղորդութեան կեանքի, որուն հետեւանքով նաեւ կ՛իրականանայ հաղորդութիւնը եկեղեցւոյ հետ, որուն բազուկները միշտ բաց են ընդունելու համար բոլորը: Մուտքը այս դռնէն ու անցքը անոր սեմէն կ՛իրականանայ, կ՛ըսէ Բենեդիկտոսը, երբ Աստուծոյ Խօսքը հռչակուի ու սիրտը համապատասխանէ սրբարար ու կերպարանափոխողը շնորքին հետ: Ս. Երենիմոս կ՛ըսէ. « Սուրբ Գիրքերը չճանչնալը Քրիստոսը չճանչնալն է: Ի՞նչպէս կրնանք ապրիլ առանց Սուրբ Գիրքերու ճանաչումին, որուն միջոցաւ կը սորվինք ինչպէս ճանչնալ Քրիստոսը, որ հաւատացեալին կեանքն է: «Վա՛յ մարդուն, որ ամէն ինչ գիտէ, բայց քեզ կ՛անգիտանայ. երանի անոր որ միայն քեզ կը ճանչնայ եւ ամէն ինչ կ՛անգիտանայ», կ՛ըսէ Ս. Օգոստինոս: Ս. Օգոստինոսին խօսքը, կը լսենք նաեւ Ս. Պօղոսին շրթունքներէն: Ս. Պօղոս, որ աստուածային ու մարդկային գիտութեանց ընդարձակ տեղեկութիւն ունէր, կը պարծէր թէ խաչեցեալ Յիսուսէն զատ ուրիշ բան չէր գիտեր: Հետեւաբար, մեր կրօնքի վարդապետութիւնները խելքի գուտ չեն. քրիստոնեան գիտեմ չ՛ըսեր, այլ կը հաւատամ: Հաւատքի դուռէն անցքը կ՛իրականանայ մարդուն մնայուն յանձնառումով, այսինքն ամբողջ կեանքին ընթացքին, ընթանալով այն ճամբէն, որ կը սկսի Մկրտութեամբ, ու կ՛աւարտի անցնելով մահէն դէպի յաւիտենական կեանքը:
Հաւատքը, որուն մասին կը խօսի Բենեդիկտոս Քահանայապետը, հաւատքն է Սուրբ Երրորդութեան, որ կե հաւասարի Մէկ Աստուծոյ, Սիրոյն, հաւատքին, որովհետեւ Աստուծոյ էութիւնը Սէրն է:
Ասոր համար Քահանայապետը իր շրջաբերական թուղթով կը հրաւիրէ Եկեղեցին եւ Հովիւները առաջնորդելու մարդկութիւնը անապատէր դուրս, վայր մը ուր Աստուծոյ Որդիին հետ ունեցած բարեկամութեամբ պիտի գտնէ կեանքը: Մինչ անցեալին հաւատքը հիմնական աղբիւրն էր որեւէ մշակոյթի արժէքներու, այսօր յստակ է, թէ հաւատքը ընդունուած է պատկանելիութեամբ, որով քրիստոնեաները յատուկ խնամք կը տանին իրենց ընկերային, մշակութային ու քաղաքական կապերու արդիւնքներուն:
Յովհնաննէս Աւետարանի՝ Սամարացի կնոջ դէպքէն մեկնելով, Քահանայապետը մեզի կը յիշեցնէ, թէ մենք եւս կարիքը ունինք երթալու դէպի կեանքի իսկական աղբիւրը, դէպի Աստուած, եւ Իրմէ խմելու յորդարատ ջուրը: Ուրիշ սնունդ չ՛ունինք Բացի Աստուծոյ Խօսքը ու Կեանքի Հացը, այսինքն Յիսուսի Մարմինն ու Արիւնը, ան է մնացած կերակուրը, որ պիտի ըլլայ յաւիտենական կեանքին համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.