2013-02-22 11:37:28

Դամասկոսի Մէջ Պայթում Մը Առնուազն 53 Զոհ Կը Խլէ


ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Էյ.Փի.».- Սուրիական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Հինգշաբթի, Փետրուար 21ին, Դամասկոսի մէջ, Սուրիոյ իշխող «Պաաս» կուսակցութեան կեդրոնատեղիին մօտերը տեղի ունեցած է ուժգին պայթում մը, որուն հետեւանքով սպաննուած է առնուազն 53 հոգի եւ վիրաւորուած 227 ուրիշներ:
Ռուսական «Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ պայթումը տեղի ունեցած է Մազրաա շրջանին մէջ գտնուող ռուսական դեսպանատան մօտերը, եւ իբրեւ հետեւանք՝ դեսպանատունը նիւթական վնասներ կրած է:
Աւելի ուշ, Սուրիոյ իշխանութիւնները, ինչպէս նաեւ ընդդիմադիրներու Ազգային համաձայնական մարմինը դատապարտած են ականահարումը՝ զայն «ահաբեկչական արարք» նկատելով:
Քաղաքական գետնի վրայ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Ռուսիան եւ Արաբական լիկան համաձայն են, որ տագնապներու լուծումը պէտք է միջազգային օրէնքի գերակայութեան եւ ՄԱԿի ուխտի սկզբունքներուն հիմամբ ըլլայ: Լաւրով Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապիի եւ Լիբանանի, Իրաքի ու Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ Մոսկուայի մէջ Չորեքշաբթի օր կայացած հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, թէ կողմերը համաձայնած են գործակցելու՝ սուրիական տագնապին լուծում մը գտնելու համար, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու եւ պաղեստինեան գրաւեալ հողերուն իսրայէլեան բնակեցման ապօրինի վայրերու կառուցումը դադրեցնելու համար:
Լաւրով ըսաւ, որ սուրիական տագնապի լուծման համար «գրաւը ուժի գործածութեան վրայ դնելը երկիրի քանդումին կ՛առաջնորդէ»՝ աւելցնելով, որ բոլոր կարելիութիւնները պիտի օգտագործուին՝ Սուրիոյ կառավարութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ ուղղակի հանդիպումներ կայացնելու համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.