2013-02-22 11:37:48

900 Սփիւռքահայ Երիտասարդներ Պիտի Մասնակցին «Արի Տուն»ին


ԵՐԵՒԱՆ, «Նովոստի Արմէնիա».– 21 Փետրուարին գումարած իր նիստին ընթացքին Հայաստանի կառավարութիւնը վաւերացուց 2013ի «Արի տուն» ծրագիրը, որուն ընդմէջէն Սփիւռքէն 900 պատանիներ եւ աղջիկներ պիտի կարենան Հայաստան այցելել։
Նիստին ընթացքին Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան յայտնեց, որ ծրագիրը պիտի կայանայ Յունիսէն մինչեւ Սեպտեմբեր երկարող ժամանակաշրջանին։
2012ին այս ծրագիրով աշխարհի երեսուն երկիրներէ 940 պատանիներ եւ աղջիկներ այցելեցին Հայաստան:
Ընդհանուր առմամբ չորս տարուան ընթացքին այս ծրագիրով Հայաստան այցելած է 3 հազար հոգի։








All the contents on this site are copyrighted ©.