2013-02-21 10:34:39

Պենետիկտոս ԺԶ.ի Քահանայապետութեան, Յիշարժան Կարեւոր Թուականները... 2006 Տարին։


28 փետրուար 2013-ի իրիկունը, Ս. Պետրոսի առաքելական աթոռը թափուր կը մնայ։
Որպէս Տիեզերական եկեղեցւոյ պետ, Պենետիկտոս ԺԶ.ի առաքելութիւնը տեւեց 7 տարի, 10 ամիս եւ 9 օր, որուն ընթացքին ան 24 առաքելական ճամբորդութիւններ կատարեց, երեք շրջաբերական թուղթեր հրատարակեց, 84 կարտինալներ նշանակեց եւ երանելի հռչակեց իր նախորդը՝ ՅՊԲ.ը։ Ան նաեւ դիմագրաւեց բազմաթիւ տագնապներ, սկսելով Ռաթիզպոնի մէջ արտասանած ճառին հետեւանքով թիւրիմացութենէն մինչեւ իր անմիջական ամենամօտիկ սպասաւորին դաւաճանութիւնը։ Նաեւ դիմագրաւեց այլ հարցեր. ինչպէս կարգ մը կղերականներու կողմէ կատարուած մանկապղծութեան հարցը։ Ջանաց ՜՜երկխօսութիւն՝՝ ունենալ lefebvristes-ներու ու նաեւ շեշտակի կերպով հրեաներու հետ։ Ընդլայնեց Վատիկանի դիւանագիտական յարաբերութիւնները Արեւելեան երկիրներու հետ։

Ահաւասիկ Պենետիկտոս ԺԶ.ի քահանայապետութեան տարիներու կարգ կը կարեւոր թուականները...

2006-ին Գերմանացի քահանայապետը կ՝այցելէ Աուշվիցի Կեդրոնացման Ճամբարը։
25 Յունուարին կը հրատարակէ ՜՜Աստուած Սէր է՝՝ իր առաջին շրջաբերական թուղթը։
25-28 մայիսին Լեհաստան կատարած իր ճամբորդութեան ընթացքին ՜՜Աուշվից- Պիրքէնաու՝՝ Շուայի յիշատակի վայրը այցելելով գերմանացի քահանայապետը հարս կու տայ ՜՜ Ինչպէս Աստուած թոյլատրեց որ նման բան մը տեղի ունենայ՝՝։
8-9 Յուլիսին այցելեց Վալէնսիան (Սպանիա) Ընտանիքի համաշխարհային Ե. հանդիպումին առթիւ։
9-14 Սեպտեմբեր, Պավիէրա կատարած ճամբորդութեան ընթացքին , այցելեց իր ծննդավայրը՝ Marktl-am-Inn գիւղը։ Ռաթիզպոնի մէջ արտասանած ճառին մէջ, փոքր նախադասութիւն մը պատճառ կ՝ըլլայ սուր բանավէճերու Իսլամ աշխարհի մէջ։
28 նոյեմբերէն մինչեւ 1 դեկտեմբեր։ Թուրքիա կատարած ճամբորդութեան ընթացքին Պենետիկտոս ԺԶ հանդիպում կ՝ունենայ Կոսդանդուպոլսոյ Օրթոտոքս պատրիարք՝ Բարթողոմէոս Ա.ի հետ եւ կ՝աղօթէ Պոլսոյ կապոյտ մզկիթին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.