2013-02-21 11:16:11

Եւրոպական Միութիւնը Կ՛ողջունէ Հայաստանի Ընտրութիւններուն Արձանագրուած Յառաջընթացը


Եւրոպական Միութեան փոխնախագահ, արտաքին գործոց նախարար Քեթրին Էշթըն եւ ընդարձակման հարցերով յանձնակատար Շտեֆան Ֆիւլէ նախանցեալ օր իրենց տարածած յայտարարութեան մէջ նշեցին, որ Եւրոպական Միութիւնը կ՛ողջունէ Հայաստանի մէջ նախագահական վերջին ընտրութիւններուն արձանագրուած յառաջընթացը, միեւնոյն ժամանակ` կոչ կ՛ուղղէ արձագանգելու առկայ մտահոգութիւններուն եւ բարեփոխելու ընտրական օրէնսդրութիւնը:
Հաշուի առնելով ընտրութիւններու նախնական արդիւնքները, ինչպէս նաեւ միջազգային դէտերուն հրապարակած գնահատականները` պաշտօնական Պրիւքսէլ յայտարարեց, թէ ինք կ՛ողջունէ, որ «Հայաստանի իշխանութիւնները շարունակած են յառաջընթաց արձանագրել այս ընտրութիւնները միջազգային չափանիշներուն համապատասխան կատարելու իրենց ջանքերուն մէջ»:
Եւրոպացի երկու բարձրաստիճան պաշտօնատարներու միացեալ յայտարարութիւնը կը փաստէ, որ այս ընտրութիւններուն մէջ յատկապէս բարեփոխուած է ընտրական հոլովոյթի վարչարարութիւնը, երաշխաւորուած է բոլոր թեկնածուներուն` ազատօրէն քարոզարշաւ իրականացնելու իրաւունքը եւ բարելաւուած է ընտրացուցակներու որակը:
Ֆիւլէի բանբեր Փիթըր Սթանօ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ միեւնոյն ժամանակ, արտաքին հարցերով բարձրագոյն յանձնակատար Էշթըն եւ ընդարձակման հարցերով յանձնակատար Ֆիւլէ կ՛ակնկալեն, որ յառաջիկային Հայաստանի իշխանութիւնները պատշաճ կարգով արձագանգեն շարք մը ակնառու մտահոգութիւններու, որոնց շարքին` հանրային ծառայողներու կողմնակալութեան, վարչական միջոցներու չարաշահման եւ ընտրողներու վրայ ճնշում գործադրելու վերաբերեալ հաղորդումներուն: «Մենք նաեւ կը քաջալերենք Հայաստանի իշխանութիւններուն սկսելու ընտրութիւններուն վերաբերող օրէնքները բարեփոխելու համապարփակ եւ թափանցիկ հոլովոյթին` 2012-ի խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք միջազգային դէտերու տուած յանձնարարականներուն համապատասխան», նշեց Սթանօ:








All the contents on this site are copyrighted ©.