2013-02-20 09:48:27

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի Շնորհաւորական Գիրը` Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանին


Մեծայարգ Տիար Սերժ Սարգսեան
Վերընտրեալ նախագահ Հայաստանի Հանրապետութեան
Վսեմաշո՛ւք Պարոն Նախագահ,
Հոգեկան գոհունակութեամբ տեղեկացանք 18 փետրուար 2013-ին կայացած նախագահական ընտրութիւններուն խաղաղ ու ժողովրդավար պայմաններու տակ աւարտին: Որքան ձեր վերընտրութիւնը, առաւել եւս հայրենաբնակ մեր ժողովուրդը արժանի են ամենաջերմ շնորհաւորութիւններուն: Դուք` ձեր արձանագրած փառաւոր յաղթանակին, իսկ ժողովուրդը` իր ցուցաբերած օրինապահ, կարգապահ, քաղաքակրթավարի, զանգուածային եւ քաղաքացիական գիտակցութեամբ մասնակցութեան համար քուէարկութեան համար: Այս իրողութիւնը կարեւոր բարենիշ մըն է Հայաստանին համար յաչս միջազգային ընտանիքին, որ վստահ ենք մօտէն հետեւեցաւ ընտրական գործընթացի բոլոր հանգրուաններուն:
Սիրելի՛ պարոն նախագահ,
Վստահ ենք, որ քուէարկողներու մեծամասնութեան քուէներուն ձեր անձին վրայ կեդրոնացումը պատահական չեղաւ: Այլ արդիւնքն էր որքան անոնց վստահութեան, նոյնքան անոնց ակնկալութիւններուն դէպի ապահով Հայաստան ճանապարհին վրայ, որով պիտի յատկանշուի ձեր յառաջիկայ հինգ տարիներու պաշտօնաշրջանը: Այդ ճանապարհին վրայ եւ այդ ճանապարհը յատկանշելու կոչուած` ոչ միայն հայրենաբնակ ժողովուրդին, այլ նաեւ համայն հայութեան ազգային եւ հայրենական կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ ակնկալութիւններն ու սպասելիքները իրագործելու ձեր առաքելութեան մէջ պիտի վայելէք անձնապէս մեր, մեր եկեղեցւոյ հովանաւորութեան տակ գործող կառոյցներուն եւ հաստատութիւններուն, ինչպէս նաեւ մեր համայն ժողովուրդին զօրակցութիւնը: Արդարեւ, իբրեւ նախագահը համայն հայութեան, վստահ ենք, որ դուք յաջողութեամբ պիտի իրագործէք Հայաստան- սփիւռք-Արցախ եռամիասնութեամբ սահմանուած համազգային առաջադրանքները, որոնք պիտի առաջնորդեն դէպի ապահով, բարգաւաճ եւ հզօր Հայաստան:
Մենք, Զմմառու հրաշագործ Տիրամօր բարեխօսութեամբ, պիտի աղօթենք Ձեր առաքելութեան յաջողութեամբ պսակումին համար:
Հայրապետական օրհնութեամբ`
ՆԵՐՍԷՍ ՊԵՏՐՈՍ ԺԹ.
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔ
ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ








All the contents on this site are copyrighted ©.