2013-02-20 10:39:23

Պենետիկտոս ԺԶ.ի Քահանայապետութեան, Յիշարժան Կարեւոր Թուականները...


28 փետրուար 2013-ի իրիկունը, Ս. Պետրոսի առաքելական աթոռը թափուր կը մնայ։
Որպէս Տիեզերական եկեղեցւոյ պետ, Պենետիկտոս ԺԶ.ի առաքելութիւնը տեւեց 7 տարի, 10 ամիս եւ 9 օր, որուն ընթացքին ան 24 առաքելական ճամբորդութիւններ կատարեց, երեք շրջաբերական թուղթեր հրատարակեց, 84 կարտինալներ նշանակեց եւ երանելի հռչակեց իր նախորդը՝ ՅՊԲ.ը։ Ան նաեւ դիմագրաւեց բազմաթիւ տագնապներ, սկսելով Ռաթիզպոնի մէջ արտասանած ճառին հետեւանքով թիւրիմացութենէն մինչեւ իր անմիջական ամենամօտիկ սպասաւորին դաւաճանութիւնը։ Նաեւ դիմագրաւեց այլ հարցեր. ինչպէս կարգ մը կղերականներու կողմէ կատարուած մանկապղծութեան հարցը։ Ջանաց ՜՜երկխօսութիւն՝՝ ունենալ lefebvristes-ներու ու նաեւ շեշտակի կերպով հրեաներու հետ։ Ընդլայնեց Վատիկանի դիւանագիտական յարաբերութիւնները Արեւելեան երկիրներու հետ։
Ահաւասիկ Պենետիկտոս ԺԶ.ի քահանայապետութեան տարիներու կարգ կը կարեւոր թուականները...
2005-ին 19 Ապրիլին Վատիկանի մէջ, կարտինալական դասը երկու օր տեւող ընտրական ժողովէն ետք, ՅՊԲ.ի յաջորդ ընտրեց 78-ամեայ գերմանացի կարտինալ Ժոզէֆ Րացցիները՝ հաւատքի վարդապետութեան խորհուրդի նախախագահը։ Ան դարձաւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ 265-րդ Պապը, առնելով Պենետիկտոս ԺԶ. անունը։ Անոր գահակալութիւնը տեղի ունեցաւ 24 Ապրիլ 2005-ին, Ս Պետրոսի հրապարակը, ներկայութեամբ եկեղեցական, քաղաքական ու հասարակական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու ու պատուիրակութիւններուն. ինչպէս նաեւ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան։
Ոչ իսկ մէկամսեայ քահանայապետ, ան մեկնարկեց իր նախորդին՝ ՅՊԲ.ի երանացման դատը, առանց սպասելու սովորական հինգ տարուայ պայմանաժամը, եւ ապա 2011-ի մայիսին ինք նախագահեց երանացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն մասնակցեցան աւելի քան մէկ միլիոն հաւատացեալներ։
Նոյն տարին, օգոստոսին իր Առաջին ճամբորդութիւնը կատարեց գերմանիա։ Գոլոնյի մէջ ան նախագահեց երիտասարդներու համաշխարհային օրը որ նախաձեռնած էր իր նախորդը՝ ՅՊԲ քահանայապետը։
19 Օգոստոս 2005-ին կ՝այցելէ Քէօլնի հրէական տաճարը։
2-23 Օգոստոս նախագահեց ՜՜Ս Հաղորդութեան՝՝ խորհուրդի մասին եպիսկոպոսական սիւնոդոսը, քննարկելու համար մասնաւորապէս կոչումներու պակասի հրատապ հարցը եւ աշխարհականներու համախոհական հաղորդութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.