2013-02-20 12:17:27

Յիսուսեան Հայր Զիատ Հիլալ Հոմս Քաղաքին Մէջ Կը Հիմնէ ''Ս. Փրկիչ Դաստիարակչական Կեդրոնը''։


''Հարկաւոր է Կամուրջներ Հաստատել Սուրիոյ Համայնքներու Միջեւ։''

Յիսուսեան հայր Զիատ Հիլալ, Հոմսի Ալ Համիտիէ թաղամասի մէջ, ուր ժամանակին կ'ապրիէին տասնեակ հազարաւոր քրիստոնեաներ որ ներկայիս վերածուած են հազիւ 77 հոգիներու, հիմնած է նոր կեդրոն մը` ''Ս. Փրկիչ դաստիարակչական կեդրոնը'' ունենալով որպէս կէտնպատակ կամուրջներ հաստատել Սուրիոյ զանազան համայնքներու միջեւ։
Զուիցերիոյ մէջ մամուլին հետ ունեցած ելոյթով Յիսուսեան հայր Զիատ Հիլալ ըսաւ որ ներկայ զինեալ ընդհարումի մէջ ամէնէն աւելի վնասւողը սուրիացի ժողովուրդն է, որ ներկայ կացութենէն յոգնած ելք մը կը փնտռէ։
Սուրիացի ժողովուրդը իրարու հետ միացած է` սուննիները, ալաուիթները եւ քրիստոնեաները ձեռք ձեռքի տուած իրարու կ'օգնեն եւ միասնաբար կ'աշխատին Տամասկոսի, Հալէպի եւ Հոմսի մէջ։
Այս զօրակցութիւնը կը ցոլացնէ գեղեցիկ պատկերը սուրիական ոգիին եւ ասիկա կ'ապացուցանէ որ հաշտութիւնը կարելի է։ Հարկաւոր է այդ իրավիճակէն օգտուիլ խաղաղարար երկխօսութիւն մը հաստատելու։ ''Մամուլը դժբախտաբար կ'արձագանգէ միմիայն ժխտական պատկերը Սուրիոյ'' հաստատեց է հայր Հիլալ
ու ապա խօսելով փախստականներու մասին ըսաւ` ''տասնեակ հազարաւոր սուրիացիներ ապաստան գտան դրաձի երկիրներու մէջ` Լիբանան, Յորդանան եւ Թուրքիա։ Սակայն այդ երկիրներու մէջ կեանքը շատ աւելի թանկ է եւ այդ պատճառաւ շատերը իրենց տուները կը ներգաղթեն։''
''Ս. Փրկիչ դաստիարակչական կեդրոնը'' որ բազմաթիւ ճիւղաւորումներ ունի, իր 70 դաստիարակիչներով կը նուիրուի շուրջ 1.300 անչափահասներուն։ Անոնց կը ջամբեն ուսում, երաժշտութիւն, գծագրութիւն եւ մարզանք։ Անոնց կը սորվեցնեն կեանքի իմաստը` այսինքն խաղաղութիւն, հաշտութիւն ու փոխադարձ սէր։ Յիսուսեան վարդապետը ցաւ կը յայտնէ որ ներկայիս մեծ թիւով զէնք կայ եւ յաճախ այդ զէնքերը կը գտնուին ոչ հսկուած մարդոց ձեռքը։
Սուրիոյ բնակիչներուն միջեւ զօրակցութիւնը գոյութիւն ունի, հաշտութեան խումբեր կազմուած են, երկխօսութեան կոմիտէներ իրարու հետ կը տեսակցին, ու հարկաւոր է կլոր սեղան նստիլ եւ աշխատիլ երկրին հարցերը լուծելու համար։ Մեր բաղձանքն է որ զանազան իշխանութիւնները դադրին զէնք տալէ մարտնչող խումբերուն, եթէ իրապէս կ'ուզենք որ բանակցութիւնները սկսին - յայտարարած է արդ Յիսուսեան Վարդապետը։








All the contents on this site are copyrighted ©.