2013-02-20 10:55:00

Միջազգային Լրատուամիջոցներ Հայաստանի Նախագահական Ընտրութեան Մասին


Բրիտանական, ֆրանսական, ռուսական, արաբական յառաջատար լրատուամիջոցները ծաւալուն յօդուածներով անդրադարձան 18 փետրուարին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութեան:
«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը անցեալ ամիս իր խոր մտահոգութիւնը յայտնած է, որ մեծ կուսակցութիւնները, ընտրական հոլովոյթին նկատմամբ վստահութեան բացակայութեան պատճառով, թեկնածուներ չեն առաջադրած: «Հակառակ անոր որ Հայաստանի տնտեսութիւնը 2012-ին շուրջ 7 առ հարիւրի աճ արձանագրած է, բայց եւ այնպէս գործազրկութիւնը 16 առ հարիւր կը կազմէ, իսկ երկրի բնակչութեան 30 առ հարիւրէն աւելին աղքատութեան եզրէն անդին է: Պետութիւնը կը դժուարանայ յաղթահարել աղքատութիւնը նաեւ այն պատճառով, որ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ առեւտրական շրջափակման մէջ կը գտնուի», կ՛եզրակացնէ «Պի.Պի.Սի.»:
«Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանը կ՛ընդգծէ, որ ընտրութիւններուն մասնակցութիւնը 60 առ հարիւր է, ինչ որ նախկին խորհրդային հանրապետութեան համար «ժողովրդավարական մեծ քննութիւն էր»:
ԱՖՓ «Հայաստանի նախագահը կը յաղթէ վիճայարոյց ընտրութիւններուն» խորագիրով յօդուածին մէջ կը նշէ, որ ընտրութիւններուն ելքը կանխատեսելի էր արդէն դեկտեմբեր 2012-ին, երբ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեան յայտարարեց, որ ընտրապայքարին պիտի չմասնակցի, իսկ յետխորհրդային Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան ըսաւ, որ նախագահի պաշտօնին համար շատ ծեր է: ԱՖՓ կ՛աւելցնէ, որ ընտրութիւնները մթագնած են ուժեղ ընդդիմութեան բացակայութիւնը եւ անցեալ ամիս նախագահի թեկնածու Պարոյր Հայրիկեանի դէմ կատարուած «խորհրդաւոր» մահափորձը:
Vesti.ru կայքէջը կը գրէ, որ «Սերժ Սարգսեան 20 առ հարիւր առաւելութեամբ կը յաղթէ ընտրութիւններուն մէջ» եւ կը մէջբերէ ԱՊՀ-ի դիտորդական առաքելութեան ղեկավար Սերկէյ Լեպետեւի խօսքերը, թէ ընտրութիւնները կատարուած են միջազգային արժեչափերուն համապատասխան:
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ իր կարգին կը մէջբերէ Լեպետեւի խօսքը, որ գործակալութեան յայտնած է, թէ «մեր գնահատականով` ընտրութիւնները անցած են ընտրական օրէնսդրութեան արժեչափերուն համապատասխան: Կ՛ուզենք նշել, որ նախորդ` 2008-ի նախագահական ընտրութիւններուն համեմատ` նշանակալից դրական փոփոխութիւններ արձանագրուած են»: Ան նաեւ նշած է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները հաշուի առած են միջազգային դէտերուն դիտարկումները:








All the contents on this site are copyrighted ©.