2013-02-20 11:26:42

Էջ մը Հայ Գրականութենէն
Իգնատիոս Վարդապետ


Իգնատիոս աշակերտակից էր Ներսէս Շնորհալիի, անոր եղբօր` Գրիգոր Պահլաւունիի եւ Սարգիս Վարդապետին։ Իր մանկութեան մասին որեւէ տեղեկութիւն չունինք, այլ կը գտնենք զինք Կարմիր վանքին մէջ, իր աշակերտակիցներուն հետ, Գրիգոր Վկայասէր կաթողիկոսի առաջնորդութեան ներքեւ։ Աւելի վերջը` քաշուած է Սեաւ լերան Շափիր կոչուած անապատին մէջ, կամ աւելի հաւանաբար նոյն անապատին մէջ գտնուող մեկուսացած վանքի մը մէջ։
Գրիգոր Պահլաւունի, որ շատ երիտասարդ տարիքին բարձրացաւ կաթողիկոսական աթոռին վրայ – 22 տարեկանին – նկատած ըլլալով իր դասընկերոջ կարողութիւնները, խնդրած էր իրմէ բազմիցս որ կատարէր Ղուկասի Աւետարանին մեկնութիւնը, բայց ինք միշտ խոնարհաբար հրաժարած էր այս ձեռնարկէն, ինքզինք տհաս ու անարժան գտնելով այսպիսի ստեղծագործութեան մը համար։
Պահլաւունին չէր հրաժարած իր ծրագրէն եւ կ՛աղօթէր որ Տէրը ձեւով մը իրեն ստիպէր այս գործը կատարելու։ Գիշեր մը Իգնատիոս տեսիլքի մէջ կը տեսնէ լուսաւոր տուն մը, զարդարուած շքեղօրէն եւ որուն մէջ կը պտտէին իր ճանչցած բոլոր վարդապետներն ու կրօնաւորները, լուսաւոր զգեստներ հագած. Ինք եւս կ՛ուզէ ներս մտնել, սակայն իրեն արգելք կը հանդիսանան. Երբ պատճառը կը հարցնէ, կրօնաւոր մը իրեն կ՛ըսէ թէ` զինք մերժելու պատճառն այն է որ ինք տակաւին որեւէ հոգեւոր գրութիւն մը չէ արտադրած եւ թէ մերժած է կաթողիկոսին հրահանգը Ղուկասի աւետարանին մեկնութիւնը կատարելու։
Ասոր վրայ, Իգնատիոս, հազիւ քունէն արթնցած` կը ձեռնարկէ աւետարանի մեկնութեան գործին, զոր հաւանաբար կ՛աւարտէ 1146 թուականին եւ զայն կը յանձնէ կաթողիկոսին ձեռքը։ Յետագային` Կունդ Սարգիս կոչուած վարդապետը ինք եւս կը շարադրէ Ղուկասի աւետարանի մեկնութիւն մը, ուր կը մէջբերէ հատուածներ Իգնատիոս վարդապետի գրութենէն։
Իգնատիոս գործածած է շատ ընտիր հայերէն մը, շատ մօտիկ ոսկեդարի լեզուին. Ան օգտուած է Սուրբ Յովհան Ոսկեբերանի համանուն գործէն, սակայն ինքնուրոյն բացատրութիւններ ալ ունի. Շատ հմուտ է Սուրբ Գրքին եւ բազմաթիւ մէջբերումներ ալ կ՛ընէ, որոնք կը փաստեն իր աստուածաբանական ու մեկնողական հմտութիւնը։ Ան վստահաբար կարդացած է նաեւ բոլոր յոյն սուրբ հայրերու գրութիւնները, գէթ անոնք որոնք թարգմանուած էին հայերէնի։
Իր ոճը շատ ճկուն է եւ կը յարմարի այս տեսակ մեկնողական գրութեան. Երկար բացատրութիւններով չի ձանձրացներ ընթերցողը, այլ որքան կրնայ, համառօտ կերպով կու տայ հատուածին բացատրութիւնը. Սակայն ոչ շատ համառօտ, որպէսզի կարելի ըլլայ ըմբռնել աւետարանչի պատգամը եւ գրուածքին իմաստը։ Երբեմն ալ կ՛ընդլայնէ իր խօսքը, սակայն այնքան վայելուչ կերպով որ ընթերցողը հաճոյքով կը կարդայ զայն։
Իր շարադրութիւնը պարզ է ու հաճոյական, երբեք տաղտուկ չի բերեր ընթերցողին։ Կարելի է զայն բնորոշել ըսելով թէ վարպետ գրուածք մըն է եւ դիւրըմբռնելի. Մեր հայ մատենագրութեան նոր ոսկեդարի արժանի գրութիւն մըն է. Ափսոս սակայն որ միայն այս գրուածքը ունի եւ ուրիշ մեկնութիւններ չէ կատարած։
Իր այս գրութիւնը յաճախակի ընթօրինակուած է զանազան վարդապետական դպրոցներու մէջ, ծառայելով որպէս դասագիրք։ Առաջին տպագրութիւնը եղած է Կ.Պոլիս 1735-ին, ապա վերահրատարակուած է 1824-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.