2013-02-19 13:21:49

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Քրիստոնեայ Արեւմուտքի Պահապան։


Նորընտիր ոեւէ պապի նպատակները կարելի է կռահել անոր ընտրած անունէն։ Կարտինալ Ռացինկէր կրնար որդեգրել Յովհաննէս Պօղոս Գ անունը, յայտնելու համար իղձը շարունակելու իր նախորդին ու իր հոգեւոր դաստիարակին գործը ։
Սակայն ան ընտրեց Պենետիկտոս անունը, որ լատիներէնով կը նշանակէ օրհնութիւն։ Ցոյց տալով, թէ ան ուզեց դառնալ իւրայատուկ պապ մը։
Յայտնապէս ան Եւրոպայի համար ընտրուած պապ մըն էր։ Պենետիկտոս անունը իբրեւ պապական մակդիր կը յուշէ, թէ Ռացինկէր Արեւմուտքի պահապան սուրբը պիտի ըլլայ։
Վերջին 23 տարիներուն, Ռացինկէրի գլխաւոր մտահոգութիւնը եղած է Եւրոպայի աշխարհիկ երեւոյթներուն բազմացումը եւ Եւրոպայի քրիստոնէական սրտին ուղղուած սպառնալիքը։ Ան եւրոպացի մըն է, որ կազմաւորուած է պաւարիական ջերմեռանդ հաւատքով։
Այսօր ոչ միայն կաթողիկէութիւնը, այլ նաեւ քրիստոնէութիւնը պարզապէս կենցաղային երեւոյթ մըն է Եւրոպայի մէջ, ուր կը թուի, թէ նիւթապաշտութեան մէջ թաղուած ըլլալով՝ կորսնցուցած է իր քրիստոնէական ոգին։
Ռացինկէր Պապը իր 8 տարուայ քահանայապետութեան ընթացքին ջանքերը չի խնայեց այս իրողութիւնը բացայայտելու, յաճախակի կոչեր ուղղելով քրիստոնեաներուն` վերադառնալու իրենց հաւատքի ակնաղբիւրին` Քրիստոսի։







All the contents on this site are copyrighted ©.