Շաբաթ, 16 փետրուար 2013-ի, առաւօտեան, Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց ասորի եկեղեցւոյ հոգեւոր
պետ Զաքքա Ա. պատրիարքին եւ անոր ներկայացուց շուտափոյթ ապաքինման իր մաղթանքները: Յայտնենք,
որ Զաքքա պատրիարք վերջին ամիսներուն առողջական պատճառներով հաստատուած է Պիքֆայայի կից
գտնուող Աթշանէի ասորիներու վանքին մէջ: Հանդիպումը, որուն ներկայ եղան նաեւ ասորի
չորս եպիսկոպոսներ եւ վեհափառ հայրապետի կողքին` Նարեկ արք. Ալեէմէզեան եւ Մեսրոպ վրդ.
Սարգիսեան, առիթ հանդիսացաւ քննարկումի ենթարկելու երկու քոյր եկեղեցիներու եւ ընդհանրապէս
Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու գործակցութեան առնչուած հարցեր: