2013-02-19 12:38:57

«ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» Շարադրութեան Մրցում Մեսրոպեան Վարժարանի Մէջ։


Կազմակերպութեամբ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի տեղեկատուական-ուսումնասիրական աշակերտական խմբակին, ասիկա երրորդ տարին է որ, վարժարանի «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ տեղի կ՝ունենայ միջդպրոցական «Հրանդ Տինք» շարադրութեան մրցանքը:
Նախաձեռնութիւնը նուիրուած է Տինքի յիշատակին, որովհետեւ լրագրողը, Պոլսոյ «Ակօս» թերթի խմբագիրը, զոհ գնաց անմարդկային ոճիրի մը, Հայոց ցեղասպանութեան հարցը հետապնդելու աշխատանքին պատճառով:
Մրցանքին առաջին երեք դիրքերը գրաւող աշակերտները պիտի ստանան նիւթական նուէրներ, մինչ առաջին հանդիսացող վարժարանը պիտի ստանայ «Հրանդ Տինք»ին նշանակը, որ մինչեւ յաջորդ տարուան մրցանքը կը մնայ շահող վարժարանին մօտ: Մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ, մարտ մէկին, որուն վարժարանին հրաւէրով ներկայ պիտի գտնուի «Ակօս» թերթի հայերէն բաժինի պատասխանատու խմբագիր պրն. Սարգիս Սերոբեան:
Այս առթիւ ներկաները դիտեցին Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտական խմբակին պատրաստած Տինքի վկայութիւնները ներկայացնող տեսերիզ մը, որմէ ետք, մասնակիցները վարժարանի դասարաններուն մէջ գրեցին իրենց շարադրութիւնները:








All the contents on this site are copyrighted ©.