2013-02-18 12:50:27

Սուրիոյ Հալէպի Եկեղեցին Կ'աշխատի Կապ Հաստատել Երկու Քահանայ Արեւանգող Խմբակին հետ։


Հայ կաթողիկէ համայնքի քահանայ` Հայր Միքայէլ Քայալ եւ յոյն օրթոտոքս հայր Մահէր Մահֆուզ` անցեալ 9 փետրուարին, հալէպի մօտ, արեւանգուեցան զինեալ խումբէ մը։
Հալէպի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ` Մրիաթեան Արքեպիսկոպոսը, այս ուղղութեամբ յայտանած է թէ''կ'աշխատին կապ հաստատել շրջանի ցեղապետերու հետ քանի արեւանգողները տակաւին ոչ մէկ խնդրանք ներկայացուցած են։''
Երկու արեւանգուած քահանաները հանրակառքով կը ճամբորդէին դէպի քաֆրունիի սալէզեաններու տունը։ Հալէպէն 30 քիլոմեդր հեռու ճամբու մը վրայ, արեւանգողները հանրակառքը կեցուցին անձագիրներու քննութեան համար, ապա պարտադրեցին երկու հոգեւորականները հանրակառքէն վար իջնել եւ իրենց ընկերանալ։
Յայտնենք որ երկու հոգեւորականներու արեւանգումը մեծապէս ցնցեց շրջանի քրիստոնեաները։
Տամասկոսի մարոնիներու առաջնորդ` գերապայածառ Նասարիի գնահատումով բազմաթիւ են այն քրիստոնեաները որոնք կ'աշխատին երկրէն հեռանալ։ Արդէն տասնեակ հազարաւոր հաւատացեալներ ապաստան գտած են դրացի երկիրներու մօտ։
1860-1920 քրիստոնեաներու դէմ հալածանքի տարիներուն, աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն քրիստոնեաներ ապաստան գտած են Պրազիլ, Արխենթին եւ Միացեալ Նահանգներ։
''Իրագի պատերազմը պատճառ դարձաւ քրիստոնեաներու զանգուածային արտահանումին, Սուրիոյ ներկայ վիճակը միթէ՞ նոյն ցաւալի հետեւանքը պիտի ունենայ '' կը հարցադրէ գերապայծառ Նասար խնդրելով աղօթք կատարել Ապաստանեալներու Տիրամօր որպէսզի խնայէ երկու երիտասարդ քահանաներուն կեանքը։
Գերապայծառ Նասար ''ֆիտես'' մամլոյ գործակալութեան հետ ունեցած ելոյթով դիտել տուաւ նաեւ որ Յոյն օրթոտոքս Յովհաննէս Ժ. Եազիճի նոր պատրիարքի գահակալութեան արարողութեան, օրթոտոքս աշխարհի 15 պատրիարքներէն եւ ոչ մէկը յանդգնեցաւ Տամասկոս գալ ու մասնակցիլ արարողութեան բացի մարոնիներու պատրիարք` կարդինալ Պըշարա Պուդրոս Րաիէն որ յանդգնութիւնը ունեցաւ Լիբանանի սահմանը անցնիլ ու Տամասկոս երթալ ու ւ գահակալութեան արարողութեան մասնակցիլ։








All the contents on this site are copyrighted ©.