2013-02-18 12:25:58

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Հոգեւոր Կրթութեան Կը Մասնակցի։


17 - 23 Փետրուար Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր անմիջական աշխատակիցներուն հետ միասին, Վատիկանի Րէտէմնդորէս Մադեր Մատրան մէջ, Հոգեւոր կրթութեան կը մասնակցի, առ ի պատրաստութիւն Սուրբ Զատկուայ հրաշափառ տօնին։
Սոյն շաթբուայ ընթացքին Սրբազան Քահանայապետի բոլոր գործունէութիւնները դադրած կը նկատուին ներառեալ չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը։
Վերոյիշեալ հոգեւոր կրթութեան քարոզիչն է` Մշակոյթի Քահանայապետական Խորհուրդի Նախագահը Կարդինալ Ճանֆրանքօ Ռավազին, որ խորհրդածութեան որպէս ընդհանուր նիւթ ընտրած է ''Աղօթքի արուեստը հաւատքի արուեստ։ Աստուծոյ դիմագիծը եւ մարդու դիմագիծը սաղմոսներու աղօթքին մէջ։''
Յայտնենք որ Հոգեւոր կրթութիւնը վերջ պիտի գտնէ յառաջիկայ շաբաթ 23 փետրուարի առաւօտեան ժամը 9-ին Սրբազան Քահանայապետի եզրափակիչ ճառով։ Նոյն Օրը Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը ունկնդրութիւն պիտի շնորհէ Իտալիոյ Հանրապետութեան նախագահ` ճորճօ Նափոլէթանոյին։







All the contents on this site are copyrighted ©.