2013-02-18 12:56:24

Յոյն Ուղղափառ Համայնքի Անտիոքի Եւ Համայն Արեւելքի Պատրիարքին Ա. Պատարագը։


Յոյն ուղղափառ համայնքի Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը կիրակի 16 փետրուարին Լիաբանանի Էշրեֆիէի Մար Նիքոլա եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց իր պատրիրաքական Ա. սուրբ պատարագը, որուն ներկայ գտնուեցան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, քրիստոնեայ այլ համայնքներու հոգեւոր պետեր, քաղաքական անձնաւորութիւններ, դիւանագէտներ, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը:
Իր արտասանած քարոզին մէջ Եազիժի պատրիարքը յայտնեց, որ Լիբանանը յոյն ուղղափառ համայնքին համար իւրայատուկ տեղ ունի` նկատի ունենալով Լիբանանի մէջ տիրող ազատութիւնն ու կայունութիւնը եւ ոչ թէ տագնապներու դաշտ ըլլալու անոր իրականութիւնը:
Եազիժի պատրիարքը ապա մաղթեց, որ սիրոյ եւ աղօթքի արմատներ նետուին, որպէսզի Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութիւնը եւ ապահովութիւնը վերահաստատուի: Ան Աստուծմէ հայցեց Սուրիայէն հեռացնել փորձանքները ու շեշտեց, որ իսլամ համայնքը հայրենիքի իրենց գործակիցներն են եւ միասնական գործակցութեամբ է, որ կարելի պիտի ըլլայ փայլուն ապագայ մը կերտել:
Պատարագէն ետք, յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը ճաշկերոյթ մը սարքեց ի պատիւ Եազիժի պատրիարքին:








All the contents on this site are copyrighted ©.