2013-02-18 13:44:25

Ճանապարհ Խաչի Ջերմեռանդութիւնը Զմմառու Վանքի Եկեղեցւոյ Մէջ


Զմմառու վանքի եկեղեցւոյ մէջ, Ուրբաթ 15 Փետրուարի՝ երեկոյեան, տեղի ունեցաւ «Ճանապարհ Խաչի» ջերմեռանդութիւնը՝ մասնակցութեամբ Վանքին հասարակութեան:
Քառասնորդաց շրջանը կը յատկանշուի «Ճանապարհ Խաչի» ջերմեռանդութեամբ: Ան կը կատարուի ամէն ուրբաթ, ի յիշատակ Տիրոջ դառն չարչարանքներուն Հայ Կաթողիկէ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ:
Հայ ժողովուրդը խաչապաշտ ժողովուրդ է, վկայ՝ խաչքարի աննման արուեստը, որով ան արտայայտած է իր խոր բարեպաշտութիւնը Խաչին հանդէպ դարերու ընթացքին: Սուրբերը կ'ըսեն թէ իր հոգին սրբացնելու աւելի յարմար ջերմեռանդութիւն չկայ քան Յիսուսի չարչարանաց մտածութիւնը: «Ճանապարհ Խաչի» արարողութեան ընթացքին կ'երգեցուին «Կայր առ Խաչին Մայր Ցաւագին» յուզումնալից երգը և Ս. Ներսէս Շնորհալիին իմաստալից «Նորոգող Տիեզերաց»-ը: Խաչը յորջորջուեցաւ Քրիստոնէութեան «պարծանք պարծանաց»-ը և «եկեղեցւոյ հիմ»-ը, «կենաց Ծառ»-ը և «Մովսէսի գաւազան»-ը: Հայ եկեղեցւոյ Շարակնոցը նշանաւոր է իր Խաչին նուիրուած շարականներով, որոնք վերագրուած են Սահակ Գ Ձորոփորեցիի և Գրիգոր Մագիստրոսին:








All the contents on this site are copyrighted ©.